«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պաշտպաններու վերաքննիչ բողոքի քննութիւնը աւարտեցաւ: «Արմէնփրես»–ի թղթակիցին հաղորդմամբ՝ դատարանը որոշումը կը ներկայացնէ Օգոստոս 13-ին՝ ժամը 16:00-ին: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Արամ Օրբելեանը:
ՀՀ երկրորդ նախագահը կը մեղադրուի խումբ մը անձերու հետ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ: ՀՀ երկրորդ նախագահի խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին նաեւ Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներ, սակայն ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է միջնորդութիւնը՝ ընդգծելով, որ ազատութեան մէջ Ռոպերթ Քոչարեանը կրնայ խոչընդոտել գործի քննութիւնը: