Հինգշաբթի, 2 Օգոստոս 2018-ին Երեւանի Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ սկսաւ համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 24 երկրի 120 ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ նորաբաց Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան:
Համաժողովին ողջոյնի ուղերձ յղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Բացման խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
Նախարար Յարութիւնեան նշեց, որ երկամեայ պարբերականութեամբ Հայաստանի մէջ գումարուող խորհրդաժողովներուն նպատակն է քննարկել արտերկրի հայկական կրթօճախներու հիմնահարցերը, յստակացնել կրթութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Ըստ նախարարին՝ խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքին շնորհիւ մշակուած բանաձեւը պէտք է արտացոլէ այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ լուծել Սփիւռքի կրթութեան ոլորտի դիմագրաւած հիմնահարցերը եւ ստեղծել կայուն համագործակցութեան միջավայր:
Խորհրդաժողովի քառօրեայ աշխատանքները ընթացան լիագումար նիստերու եւ բաց քննարկումներու ձեւաչափով: Մասնախումբերու ծիրէն ներս քննարկուեցան նաեւ Սփիւռքի ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնահարցերը:
«Արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնախնդիրները արեւմտահայ ամէնօրեայ եւ մէկօրեայ դպրոցին մէջ» թեմայով, ի շարս այլոց, զեկուցեց Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ժողովականներուն ներկայացուց լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման հիմնահարցերը:
Տիկ. Պոյաճեան նախ անդրադարձաւ, որ Լիբանանի բազմալեզու միջավայրին մէջ լիբանանահայութիւնը ստիպուած է դիմագրաւել լեզուական մարտահրաւէրներ՝ արեւմտահայերէնը պաշտպանելու համար, որ առաքելութիւններէն մին է լիբանանահայ կրթօճախներուն, որոնք, որակեալ կրթութիւն ջամբելու կողքին, ճիգ չեն խնայեր սերունդներուն ուսուցանելու մայրենի լեզուն եւ զանոնք դաստիարակելու հայկական ոգիով: Ան շեշտեց Հայ դպրոցին ինքնուրոյն դերը, որ մեր ինքնութեան ու հզօրութեան ամրակուռ ամրոցն է, ուր, դժբախտաբար, ոչ միայն աշակերտներու թիւը զգալի նուազած է, այլ նաեւ նոյնինքն վարժարաններուն թիւը նուազած է միացումի հանգամանքով:
Հայերէնագիտական առարկաներու ուսուցիչներու մասնագիտութեան հարցը: Հայոց լեզուի, քերականութեան, գրականութեան եւ պատմութեան գիրքերու թէ՛ պակասը, թէ՛ շատերու ժամանակավրէպութիւնը: Հայերէնի դասաւանդման դասապահերու հարցը, որ կը ստեղծուի պետական քննութիւն յանձնելիք դասանիւթերուն աւելի շատ կարեւորութիւն տալու պարտաւորութենէն: Հայ դպրոց յաճախողներու թիւի նուազումը, որ արդիւնք է արտագաղթի, որոշ ծնողներու՝ իրենց զաւակները օտար դպրոց ուղարկելու նախընտրութեան, եւ երկրի ընկերային-տնտեսական պայմաններուն, որոնց լոյսին տակ մեծ թիւով ծնողներ ի վիճակի չեն ըլլար հայկական վարժարաններու ուսումնավճարը հայթայթելու եւ կ’ընտրեն պետական դպրոցի տարբերակը։ Համաշխարհայնացման գործօնը, որ սեփական արմատներէն կը հեռացնէ նաեւ հայը՝ գունաթափելով ազգային արժէքները:
Արեւմտահայերէնի դասաւանդման վերոյիշեալ փոխշաղկապուած հիմնախնդիրները ներկայացնելէ ետք Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, որ բացայայտ իրողութիւն է, որ որեւէ բանի յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կարելի է դատել միայն անոր արդիւնքէն՝ ըսելով, թէ որքան ալ որ կայացած համայնք ըլլանք Սփիւռքի մէջ, յառաջացած մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր աշխատանքը կրնայ ձախողութեան մատնուիլ, եթէ շօշափելի քայլեր չառնուին սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու հայերէնի դասաւանդման հոլովոյթին մէջ: Ան ընդգծեց, որ արդի մանկավարժական բոլոր յաջողած մօտեցումներն ու մեթոտները կարելի է կատարել՝ սկսելով ուսուցչական մասնագիտացումէն, հասնելով մինչեւ արդիւնաւէտ դասագիրքերու ստեղծումին ու դասարաններէն ներս համակարգչային արհեստագիտութեան մուտքին: Տիկ. Պոյաճեան աւելցուց, որ արեւմտահայերէնի դասաւանդման ու գործածութեան շօշափելի անկումը ան-յե-տա-ձգե-լի հրամայական կը դարձնէ կրթական համակարգի քննական ուսումնասիրութիւնը՝ շեշտելով, որ կրթական տագնապը գահավիժութեան ընթացքով շարունակուելու պարագային, սփիւռքահայ վարժարանները պիտի պարպուին իրենց հայակերտումի նպատակադրումէն: Արդարեւ ան կոչ ուղղեց ականջ տալու ահազանգին, որովհետեւ ժամանակն է գործնական եւ միասնական լուրջ աշխատանքի:
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումէն ետք, խորհրդաժողովի աշխատանքները աւարտեցան 6 Օգոստոսին:
Համահայկական կրթական խորհրդաժողովը առիթ մըն էր լիբանանահայ վարժարաններու ձայնը հասանելի դարձնելու հայրենի բարձրագոյն ամպիոններուն՝ մաղթելով, որ միասնական աշխատանքով կարելի կ’ըլլայ լուծումներ գտնել արեւմտահայերէնի գոյութիւնը խաթարող խնդիրներուն:
ԿՈՉ
Համահայկական Կրթական 8-րդ Խորհրդաժողովի Անունով
Վերջին տասնամեակներուն, ցաւալի իրողութիւն դարձած է սփիւռքի ամէնօրեայ դպրոցներու փակումը: Մեր հայրենակիցները առարկայական եւ զուտ անհատական պատճառներով հետզհետէ կը հեռանան իրենց արմատներէն:
Չթերագնահատելով սփիւռքի մէջ գործող հայապահպան կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը՝ այնուամենայնիւ կը յորդորենք կուսակցական, հասարակական, եկեղեցական, բարեգործական կազմակերպութիւններուն միաւորել ջանքերը եւ կանխել աղէտալի գահավիժումը:
Արժեւորենք հայ ուսուցիչը, սատարենք մեր ընտանիքները եւ յստակ դնենք հայ մնալու, հայերէն խօսելու պահանջը, չկորսնցնենք մայր հայրենիքի տեսլականը Ամարասէն մինչեւ Վան:
Այս կոչը պահանջ է եւ անկասելի ցանկութիւն:
Ուրեմն՝ ազգովին դէպի Հայաստան, հայկականութիւն եւ ազգային միասնականութիւն:
2-6 Օգոստոս 2018, Աղուերան