Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Մանուէլ Գրիգորեանի Պաշտպանները Բողոք Ներկայացուցած Են Վճռաբեկ Դատարան Իրենց Պաշտպանեալը Կալանաւորելու Որոշումին Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպանները բողոք ներկայացուցած են Վճռաբեկ դատարան իրենց պաշտպանեալի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրարկելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպան Արսէն Մկրտչեան նշեց, որ առայժմ վարոյթ ընդունելու մասին որոշում չեն ստացած:

«Թէ՛ առաջին ատեանի դատարանին, թէ՛ Վերաքննիչ դատարանին մէջ բազմիցս ըսած ենք, որ Մանուէլ Գրիգորեանի կեանքին վտանգ կը սպառնայ, սակայն դատարանները ապօրինի որոշումներ կայացուցած են»,- ըսաւ Մկրտչեանը:

Իր խօսքով` Մանուէլ Գրիգորեանը կը տառապի քաղցկեղով, շաքարախտով, ինչպէս նաեւ յարակից այլ հիւանդութիւններով:

Հարցին, թէ արդեօք իրականացուա՞ծ է բժշկական փորձաքննութիւն, Մկրտչեանը ըսաւ, որ ընթացքի մէջ է:

ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանին        մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ պահելու համար, ինչպէս  նաեւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով՝ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման             եղանակով իր վստահութեան յանձնուած առանձնապէս մեծ        չափերով ուրիշի գոյքը յափշտակելու համար:    

Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց     ընտրուած է կալանաւորումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին