ՔԱՀԼ-ի (Center for Armenian Handicapped in Lebanon) տնօրէնութիւնը, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի դեսպանատան, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին նուիրեց Պրայլի համակարգով հայ աչազուրկներու համար պատրաստուած հայերէն Աստուածաշունչի հատորներու ժողովածուն:
Ժողովածուն տպուած է 1953-57 շրջանին:
Շնորհակալական նամակին մէջ ՀՀ Ազգային գրադարանի տնօրէն Պրն. Տիգրան Զարգարեան կը յայտնէ որ «հազուագիւտ այս Աստուածաշունչը կը գրաւի արժանի տեղ՝ Մայր Գրադարանի «Արեւ» ընթերցասրահում եւ իր անփոխարինելի հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցի տեսողական խնդիրներ ունեցող մեր ընթերցողներին»:
Յառաջիկային կը ծրագրուի Ազգային գրադարանի աչազուրկներու բաժինը համալրել այլ հրատարակութիւններով եւս: