Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Կ’ընդլայնէ Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամի Շահառուներու Թիւը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ գործադիրը սահմանած է ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ կամ զինուորական ծառայութեան ընթացքին զոհուած (մահացած) զինծառայողի ընտանիքին դրամական աջակցութիւն տալու կարգը եւ դրամական աջակցութեան չափերը,  զինուորական ծառայութեան ժամանակ զոհուած (մահացած) զինծառայողներու յուղարկաւորութեան, գերեզմաններու բարեկարգման, տապանաքարերու պատրաստման եւ տեղադրման հետ կապուած ծախսերը ՀՀ պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուոյն հատուցելու կարգը, հաշմանդամութեան զինուորական կենսաթոշակի իրաւունք ունեցող նախկին զինծառայողներուն, ծառայութեան ընթացքին զոհուած (մահացած) զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն տրուող դրամական միանուագ օգնութեան չափը, վճարման կարգը եւ պայմանները: Հետեւաբար, կ’ապահովուի «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի պահանջներու համաձայն համապատասխան անձանց դրամական աջակցութիւն տրամադրելու գործընթացի պատշաճ իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին։ «Գիտէք, որ ընթացիկ կարգով այդ մեխանիզմի շահառու են համարուում 2017 թուականի Յունուարի 1-ից յետոյ տեղի ունեցած դէպքերով զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ձեռք բերած անձինք կամ նրանց հարազատները։ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ քննարկեցինք եւ պարզեցինք, որ կայ հնարաւորութիւն այդ ամսաթիւը երկու տարով յետ տանել։ Ըստ այդմ՝ օրէնսդրական կարգաւորումը կը տարածուի 2015 թ.Յունուարի մէկից յետոյ տեղի ունեցած դէպքերի վրայ»,– ըսած է վարչապետը եւ աւելցուցած, որ այդպիսով նշո

ւած գործընթացի շահառու կը դառնան նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուածներու ընտանիքներն զինուորական հաշմանդամները: Վարչապետը, դիմելով Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեանին, նշած է, որ կան ոչ անյայտ ընկերութիւններ, որոնք այդ հիմնադրամին վճարումները չեն կատարեր կամ պարտքեր ունին: «Այդ ընկերութիւնների անունները ձեզ կփոխանցեմ: Մենք պէտք է կոչ անենք, որպէսզի բոլոր ընկերութիւնները վճարումները պարտաճանաչ կատարեն, որովհետեւ այս հիմնադրամի միջոցները պէտք է շարունակեն մեծանալ, որպէսզի շահառու դառնան աւելի վաղ ժամանակում զոհուածների կամ տուժածների ընտանիքները»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին