«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հինգշաբթի խորհրդարանական յանձնաժողովները ունեցան համատեղ հանդիպում, ուր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին ենթայանձնաժողով կազմելու պետութեան ներդրումային ֆոնտի ստեղծման հետ կապուած հարցերու ուսումնասիրութեան համար: Այս մասին ազգային լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ Հինգշաբթի յայտարարեց խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Էլի Ֆըրզլի:
2017-ի Նոյեմբերին խորհրդարանին ներկայացուած էր օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէր պետութեան ներդրումային անկախ ֆոնտ մը հիմնել՝ երկրի՝ նաւթէն եւ այլ բնական պաշարներէ մուտք գործող եկատումներուն համար:
Հինգշաբթի օրուան խորհրդարանական յանձնաժողովներու համատեղ հանդիպումը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պըրրիի հրաւէրով: Անոր կը մասնակցէին տարբեր յանձնաժողովներ՝ ֆինանսներու եւ պիւտճէի, վարչական եւ արդարադատութեան, ազգային պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետական, ազգային տնտեսական, առեւտրական, արդիւնաբերութեան եւ ծրագրաւորման, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, հանրային հարցերու եւ փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական ու արհեստագիտական: