«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկեան օգնութիւնը 1918-1920թթ. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մէջ» պատմական լուսանկարներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու վրայ հիմնուած բացառիկ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը:
Ինչպէս կը յայտնեն «Նարեկացի» արուեստի միութենէն, առաջին անգամ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերուն բազում արհաւիրքներէ փրկելու «Երիտասարդ մարդոց քրիստոնէական միութեան» (ԵՄՔՄ) կամաւորականներ Ճոն Էլտըրի եւ Ճէյմզ Էրոլի գործադրած գերմարդկային ջանքերու պատմութիւնը` հիմնուած Էլտըրի անձնական օրագիրին, անոր մակագրած լուսանկարներուն եւ պահպանած բնօրինակ ծառայողական փաստաթուղթերուն հիման վրայ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը մեկնարկեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու օրհներգերով, որոնք հնչեցին Անուշ Պարքլէի կատարումով (նուագակցող` Յարութիւն Թագուորեան):
«Աստուծոյ կամքով եւ նախախնամութեամբ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ ամերիկեան եւ Հայոց պատմութեան կարեւոր փուլի մը վրայ, երբ երկու ամերիկացի ԵՄՔՄ կամաւորներ միասին կանգնեցան եւ դիմակայեցին անարդարութեան` փրկելով բազում հայ որբերու կեանքեր»,- բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան եւ ԵՄՔՄ-ին նուիրեց ՆԱՄ-ի իւրայատուկ նուէր-պարգեւատրումը` միութեան խորհրդանշով փոքրիկ խաչքար, որ կը համատեղէ Տիրոջ օրհնութիւնը եւ մշակոյթը:
«Այս ցուցահանդէսի գաղափարը եկաւ, երբ Ճոն Էլտըրի թոռը իրենց ձեղնայարկէն գտնելով իր պապի արխիւները` յանձնեց Ռուբէն Ատալեանին, որ այս ամէնը հաւաքագրեց եւ ներկայացուց ձեր ուշադրութեան»,- իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ամերիկայի հայկական համագումարի խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեան:
Ներկայ էր Եւրոպական ԵՄՔՄ գործադիր տնօրէն Վարդան Համբարձումեան, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Ցուցադրութեան ներկայացուած են 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64-ը Ճոն Էլտըրի լուսանկարներու հաւաքածոյէն էին, 8-ը ժամանակակից արձանագրութիւններ ու փաստաթուղթեր, իսկ 4-ը` քարտէսներ: Էլտըրի օրագիրի թիւով 32 մէջբերումները, որոնք կը վաւերացնեն ներկայացուած լուսանկարներու մէջ երեւցող ապացոյցները, ինչպէս նաեւ ներածական եւ բացատրական գրութիւնը, լոյս կը սփռեն նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի առաջին տարուան վրայ: Ցուցադրութեան մէջ ներառուած էր լուսանկարներու ամբողջ շարք մը, որ կը պատմէ Էլտըրի` Հայաստանի մէջ ապրած տարիներու մասին, կը նշուին Ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան քանի այլ աշխատակիցներ եւս:
Ցուցադրութեան ներկայացուող այլ ամերիկացիներէն են Թիֆլիսի մէջ ԱՄՆ հիւպատոս Ֆ. Ուիլլոուպի Սմիթը, որ կ’աջակցէր մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու գործունէութեան, Ռապըրթ Մըք Տաուելը, որ ռազմաճակատ էր, երբ թրքական ուժերը ներխուժեցին եւ ասպատակեցին Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրին), դոկտոր Ճոն Մէյնը` Այովա նահանգի Կրիննել համալսարանի նախագահը, որ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի կողմէ ականատես եղաւ Հայաստանի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին, քրիստոնեայ քարոզիչ Կրէյս Նեփփը եւ Ամերիկեան ԵՄՔՄ-ի երկարամեայ նախագահ Ճոն Մոթթը, որ իր ընկերոջ` նախագահ Ոուտրօ Ուիլսընի քաջալերանքով երիտասարդ ամերիկացիները ուղարկէր այնտեղ, ուր զինուորներու թիկունքին քաղաքացիական աջակցութիւն ցուցաբերելու կարիք կար:
Ցուցադրուած ապացոյցները յայտնուած են տարբեր մարմիններու համագործակցութեան շնորհիւ: Էլտըրի ընտանիքի ու ԵՄՔՄ-ի աշխատակիցներու թոյլատրութեան ու տրամադրած ապացոյցներու շնորհիւ է, որ այս նուիրեալ մարդասէրներու պատմութիւնը չէ մոռցուած ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ: Կովկասի մէջ հակամարտութեան գագաթնակէտին, երբ մարդասիրական օգնութեան այլ աշխատողներ նախընտրեցին հեռանալ, Ճոն Էլտըր հրաժարեցաւ հեռանալ` վախնալով, որ օգնութեան ծրագիրները դադրեցնելու հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր հայեր սովի կը մատնուին: Անոր կը վերագրուի 15,000 հայ որբերու տրամադրուած օգնութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ փոխդեսպան Ռաֆիկ Մանսուր, Զաւէն Սարգսեան, Հայկ Դեմոյեան եւ այլ պատուաւոր հիւրեր:
Ցուցահանդէսը ներկայացուցին Ամերիկայի հայկական համագումարը, Ուաշինկթընի մէջ Հայկական ազգային հիմնարկը (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը․ ան բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Օգոստոս 25` ազատ մուտքով: