«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ, վերջինիս Այն Ալ Թինէի նստավայրին մէջ՝ քննարկման թեմա ունենալով նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Հանդիպումին ներկայ էին Հարիրիի երկու գլխաւոր օգնականները՝ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Ղաթթաս Խուրի եւ Պասսեմ Ալ Սապեհ, ինչպէս նաեւ Պըրրիի քաղաքական գլխաւոր օգնականը՝ ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը: Այս մասին կը տեղեկանանք Պըրրիի գրասենեակէն կատարուած յայտարարութենէն: