«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր գնդապետ Սամուէլ Պօղոսեանին Արցածի պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ նշանակելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահի այլ հրամանագիրներու համաձայն` գնդապետ Արթուր Յարութիւնեան ազատուած է ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N 32964 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն, գնդապետ Կարէն Շաքարեան նշանակուած է ԱՀ պաշտպանութեան բանակի N 32964 զօրամասի հրամանատար: