Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Ենթայանձնաժողով Կը Կազմէ Պետութեան Ներդրումային Ֆոնտի Ստեղծման Առնչուող Հարցերու Ուսումնասիրութեան Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:  Հինգշաբթի խորհրդարանական յանձնաժողովները ունեցան համատեղ հանդիպում, ուր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին ենթայանձնաժողով կազմելու պետութեան ներդրումային ֆոնտի ստեղծման հետ կապուած հարցերու ուսումնասիրութեան համար: Այս մասին ազգային լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ Հինգշաբթի յայտարարեց խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Էլի Ֆըրզլի: 

2017-ի Նոյեմբերին խորհրդարանին ներկայացուած էր օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէր պետութեան ներդրումային անկախ ֆոնտ մը հիմնել՝ երկրի՝ նաւթէն եւ այլ բնական պաշարներէ մուտք գործող եկատումներուն համար:
Հինգշաբթի օրուան խորհրդարանական յանձնաժողովներու համատեղ հանդիպումը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պըրրիի հրաւէրով: Անոր կը մասնակցէին տարբեր յանձնաժողովներ՝ ֆինանսներու եւ պիւտճէի, վարչական եւ արդարադատութեան, ազգային պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետական, ազգային տնտեսական, առեւտրական, արդիւնաբերութեան եւ ծրագրաւորման, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, հանրային հարցերու եւ փոխադրամիջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական ու արհեստագիտական:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին