Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Նրա Նուիրեալ Երկիրը Վասպուրականն Էր

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Ես առաջին անգամն է էի տեսնում մի այսպիսի սիրելի անձնաւորութիւն: Նա այն աբեղաներից էր, որի բերանում Յիսուսի, Մովսէսի եւ Պօղոսի անունների հետ ստէպ յիշւում էին իր ազգի նահապետների անունները, ոչ միայն հասարակ խօսակցութեան մէջ, այլեւ սուրբ տաճարի բեմից: Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…

Րաֆֆի

Ափսո՜ս… Մեր պատանութեան օրերու ընթերցումներէն շատ քիչ բան կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Այդ է կարգը. սորվելու համար պէտք է մոռնալ: Այսպէս, Րաֆֆիի «ԿԱՅԾԵՐ»-էն, «ԽԵՆԹ»-էն, «ԴԱՒԻԹ ԲԷԿ»-էն տպաւորութիններ միայն կը պահենք: Աւելի կը յիշենք «ՈՍԿԻ ԱՔԱՂԱՂԸ», քանի որ անոր բեմականացման ներկայ եղած ենք:

Ափսո՜ս նաեւ անոր համար, որ նորահաս սերունդը, Հայաստան սեւ սփիւռքներ, Րաֆֆիի գիրքերը կարդալու ո՛չ ժամանակ կը գտնէ, ո՛չ ալ ցանկութիւն ունի: Չեն կարդար նոյնիսկ անոնք, որոնք, ինչպէս կ՛ըսուի, լեզուական արգելք չունին:Իսկ ինչպէս այդ կ՛ըլլար անցեալին, մեր թերթերը ազգաշունչ գրականութիւնը որպէս թերթօն չեն հրատարակեր: Նման էջ հրատարակելը ժամանակավրէպ է, կը հետաքրքրէ հին սերունդը, նորերը ունին այլ հետաքրքրութիւններ, զորս պէտք է բաւարարել վասն մարդորսութեան. մարզիկներ, դերասանուհիներ եւ անոնց ծաւալներու շնորհները:

Հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանը տպաւորիչ ուսումնասիրութիւն մը լոյս ընծայած է` «ՐԱՖՖԻԻ ՈՏՆԱՀԵՏՔԵՐՈՎ» (2017), որուն անդրադարձայ: Գիրքին ընթերցումը եւ հոն գտնուող մէջբերումները խանդավառ եւ երազապաշտ օրերու անցեալ մը կենդանացուցին: Դաստիարակչական, նոյնիսկ երբ արդէն հեռուէն կը նայինք մեր պատանութեան եւ երիտասարդութեան:

Ալիս Յովհաննիսեան, Րաֆֆիի գրականութեան մերօրեայ ըմբռնումով ընթերցումը կատարելով` հայելի կը բռնէ մեր առջեւ, ըլլանք շարքային հայ, կրօնական թէ քաղաքական այր:

Այս էջերով պիտի խօսիմ րաֆֆիական ազգային խոր մէկ իմաստութեան մասին` զայն բանալով մեր բազմաբղէտ տեսութիւններուն եւ խոտորումներուն վրայ, որուն առջեւ կանգ առի, երբ կը կարդայի գիրքը: «Գրախօսական»-ը արդէն ղրկեցի մամուլին: Պէտք է ափսոսալ, որ Րաֆֆին մեր ժամանակակիցը չէ, որպէսզի ազգային էականը մոռցող ամէն կարգի «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի բախտախնդիրները եւ փերեզակները դիմակազերծ ընէր:

Իտէալիզմը, հոգին եւ ոգին, կը մնան եթերին մէջ անհասցէ տեղ մը, եթէ կոշտ իրականութիւնը անգիտանանք: ԺԷ. դարու մեծ իմաստասէր Պլեզ Փասքալ ըսած էր, որ` «մարդը ո՛չ հրեշտակ է. ո՛չ անասուն, երբ կ՛ուզէ հրեշտակ դառնալ, կը դառնայ անասուն»: Րաֆֆիի նկարագրած եկեղեցականը իրաւ կամ կեղծ հրեշտակային վիճակի մէջ յամեցող չէր: Հայ եկեղեցական էր, որ գիտէր, թէ իր ժողովուրդը կանգնած էր լուրջ խնդիրներու առջեւ: Ինչպէս այսօր ալ կանգնած է:

Կ՛ըսէ. «Ես առաջին անգամն էի տեսնում մի այսպիսի սիրելի անձնաւորութիւն: Նա այն աբեղաներից էր, որի բերանում Յիսուսի, Մովսէսի եւ Պօղոսի անունների հետ ստէպ յիշւում էին իր ազգի նահապետների անունները, ոչ միայն` հասարակ խօսակցութեան մէջ, այլեւ` սուրբ տաճարի բեմից: Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…» (ընդգծ. Յ.Պ.):

Մի՞թէ հարկ է յիշեցնել, որ Րաֆֆի կը խօսի Հայոց Հայրիկ Խրիմեանի մասին:

Րաֆֆիի այս պարբերութիւնը կարդացի Ալիս Յովհաննիսեանի գիրքին մէջ: Գրուածին չափ եւ աւելի կարեւոր է անոր թելադրութիւնը մեր անմիջական ներկային համար, ոչ միայն` անցեալի: Րաֆֆիի պատկերացուցած Խրիմեանը, անկախ ամէն կարգի կրօնական ըմբռնումներէ եւ այսօրուան տեսական կամ նեղմիտ շահադիտական վերաբերումներէ, մտածել տուաւ.այսօր ո՞ւր է հայուն նուիրեալ երկիրը, ինչպէ՞ս կը ներկայանան կամ ինչո՞վ փոխարինուած են Յիսուս, Մովսէս, Պօղոս, Պաղեստին եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ը:

Ո՞ւր է այսօր հայուն նուիրեալ երկիրը: Հայը երկիր ունի՞, կ՛ուզէ՞ ունենալ, երբ կը հնչեն «համաշխարհային ազգ ենք»-ի նման խօսքեր: Ազգ ըլլալու պարտքը եւ իրաւունքը ի՞նչ է ի վերջոյ: Համաշխարհային ազգին երկիրը մոլորակն է, թերեւս վաղն ալ` հեռաւոր աստղ մը կամ աստղեր: Ոչ իսկ: Մի՞թէ հայուն երկիրը մոլորակը կամ աստղերը անգամ չէ, այլ` համաշխարհայնացման թեւին տակ ծուարած քաղքենիացումը, ինչպէս կ՛ըսուի` լաւ ապրելու իրաւունք. ապահովութիւն, շքեղ բնակարան, լողաւազան եւ դրամատան մէջ դիզուող գումարներ, անապատի մէջ գտնուող խաղատուներու երջանկութիւն:

Բոլոր անոնք, որոնք  Եհովա, Յիսուս, Մովսէս եւ Պօղոս անունները, եւ այդպէս բաներ կը հոլովեն եւ հոն կանգ կ՛առնեն, ի՞նչ բանի եւ որո՞ւ կը ծառայեն: Կը կարծե՞ն ծառայել հայուն, իրենց համար բան մը կը նշանակէ՞ հայուն նուիրեալ երկիրը, ազատագրուածը, անկախը եւ բռնագրաւուածը: Մեր ժողովուրդի բնական ողջախոհութամբ, Րաֆֆիի նկարագրած Խրիմեանը ինչո՞ւ չենք հակադրեր ասդին-անդին սողսկող աղանդներուն, այլասերող տեսութիւններուն եւ վարդապետութիւններուն, դատարկ քարոզներուն:

Ինչո՞ւ այսօր Րաֆֆիի կանգունով չենք չափեր հայ եկեղեցականները, որոնց շարքին սպրդած են «խաչագող»-ներ, որոնք հակառակ իրենց քրիստոնէական ուսման` հետամուտ են պերճանքի, անձնական հարստացման: Հայաստանի պարագային, յաճախ խօսուեցաւ փտածութիւն-կոռուպցիայի մասին: Ինչո՞ւ հայ եկեղեցականներու հարստութեան եւ ինչքին մասին մասնագիտական հաշուեքննութիւն չի կատարուիր, audit, աուտիդ: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ հայ եկեղեցականը մեծագումար հարստութիւն կ՛ունենայ եւ ինչո՞ւ կ՛ուզէ ունենալ, ինչպէ՞ս դիզուած կ՛ըլլայ եկեղեցականին թողած նիւթական ժառանգութիւնը իր ընտանիքի անդամներուն, կամ իր անձնական քսակէն եղած մեծագումար նուիրատուութիւնը: Ինչո՞ւ եկեղեցականը մեծ ոստաններու մէջ կալուածներու տէր պիտի ըլլայ, պաշտօնէ դադրելէ ետք պիտի չվերադառնայ իր վանքը… Ինչո՞ւ քաղքենիի սնափառութեամբ պերճ ինքնաշարժներով հակաքրիստոնէական ոգիով պիտի փքուին անոնք: Բարոյական-ժողովրդային դատ եթէ չկայ, դատարան չկայ, դատաստա՞ն ալ չկայ…

Րաֆֆիի նկարագրած աբեղան միայն եկեղեցականը չէ, ան է նաեւ հանրային գործիչը` թաղականէն մինչեւ մեծամեծ ժողովները, անոնց բեմերը զբաղեցնող նախագահները, որոնք կը գինովնան աւուր պատշաճի բարձրագոչ խօսքերով, երբեմն ալ նախագահութիւնները կը վերածեն հասութաբեր կալուածի, նոյնիսկ` ժառանգական-ընտանեկան: Րաֆֆիի քանդակած աբեղան գիրքերէ փոխ առնուած եւ անգիր եղած տեսութիւններու թութակը չէ, իզմի եւ իսդի: Ան ազգի աբեղան է, որ գիտէ թէ ո՛ւր է նուիրեալ երկիրը:

Աշտարակի իր տունը վաճառող հայ մօր հոգին բթացած է: Վաճառքէն գոյացած գումարով պիտի մեկնի հոն, որ իրեն համար ոչ մէկ ձեւով նուիրեալ երկիր է, ուր պիտի գտնէ հին եւ նոր Յիսուսներ, Մովսէսներ, Պօղոսներ, բայց ոչ` Հայկ նահապետ եւ Արամ, ոչ` Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Լեւոն Մեծագործ, ոչ` Դաւիթ բէկ, ո`չ Նիկոլ Դուման, ոչ` Չարենց եւ ոչ` Բակունց, ոչ` Արամ Խաչատուրեան եւ ոչ` Մարտիրոս Սարեան…

Ազգը, հանրային կարծիք, մամուլ, դատարաններ, հաշուետուութեան պիտի կանչե՞ն այն եկեղեցականները, նոյնիսկ` յետմահու, պարզելու համար, թէ իրենց ստացած ռոճիկին բաղդատած` ինչպէ՞ս կրցած են եւ կրնան հարստութիւն դիզել` անգօսնելով իրենց ծառայութեան ուխտը: Ազգը audit-աուտիդ ընելու քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ: Ինչո՞ւ, հասարակ մահկանացուի եւ մեղաւորի պէս կալուածներ պիտի ունենայ եկեղեցականը:

Ինչպէս կարգ մը երկիրներու մէջ պետական մարդիկ իշխանութեան գլուխ գալէ առաջ կը յայտարարեն իրենց ունեցուածքը, իրենց իշխանութեան աւարտին ալ կ՛ընեն նման յայտարարութիւն, հայ եկեղեցականներէն ալ պէտք է պահանջուի ընել նոյնը` վասն եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ եկեղեցականի անբասիր կեանքի:

Մեր ներազգային կեանքի զանազան բնոյթի մրցակցութիւնները եւ սխալ հասկցուած յարգանքը արգելք պէտք չէ ըլլան audit-աուտիդի:

Այն ատեն կը մնան Րաֆֆիի նկարագրած աբեղաները, որոնք ճամբացոյց կ՛ըլլան գտնելու հայուն նուիրեալ հայրենիքը, հասնելու հոն եւ իրենց հետ տանելու իրենց հօտը…

Ֆրանսացի մեծ գրող եւ իր դարը դրոշմած Վոլթեր կ՛ըսէր, որ` «լաւ քահանայ մը նախախնամութիւն է իր գիւղին համար»…

«Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր…»:

Վոլթերի նշած նախախնամութիւնը… Դար մը ետք հօտը կը մնայ երախտագէտ… Րաֆֆիի աբեղային:

Խրիմեաններու, նոյնիսկ երբ անոնք միայն աբեղայ են, կամ` աբեղայի պէս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին