ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Որպէս ներածական իմ այս գրութեան՝ կ’ուզեմ նշել, որ բառ-եզրոյթներով կը բնորոշուի թանձրացական կամ վերացական գոյականներու էութիւնն ու բովանդակութիւնը։ Իւրաքանչիւր բառ ունի իր իմաստը՝ զանց առնելով այն պարագան, որ կան հոմանիշ բառեր։ Իմ այս գրութեան նպատակը լեզուական հարցերն են ու միաժամանակ չեն։ Լեզուական հարցի մասին հիմա բաւարարուինք այսքանով եւ անցնինք բուն նիւթին։
* * *
Ամէն տեղ ընդհանրապէս ու յատկապէս գիտական, հասարակական, քաղաքական ու դիւանագիտական աշխարհի մէջ կարեւոր է ճիշդ բնորոշել ամէն ինչ, նաեւ կազմակերպչական կառոյցները։ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, պաշտպանութեան, արտաքին գործոց, առողջապահութեան, տնտեսութեան եւ այլ նախարարութիւններու անուններով մենք կը կարողանանք ճիշդ պատկերացնել անոնց գործունէութեան ոլորտը եւ յստակ գիտնալ անոնց աշխատանքներուն շրջագիծը։ Սփիւռքի նախարարութիւն ըսելով ի՞նչ։ Կրնա՞նք ճիշդ ու յստակ գիտնալ անոր իրաւասութիւններուն, պարտականութիւններուն եւ ընելիքներուն սահմանը։ Եւ այդ բառ-եզրոյթը ի՞նչ։ Արդեօք ճի՞շդ է ատիկա։ Իմ կարծիքով՝ Ո՛Չ։
Ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռքի նախարարութիւն։ Թերեւս ոմանք հասկնան, որ Սփիւռքէն ընտրուած է անձ մը՝ որպէս Սփիւռքի նախարար, եւ պիտի աշխատի Սփիւռքի նախարարութեան՝ ինծի համար դեռ յստակ չեղած աշխատանքային ոլորտին մէջ։ Ու միտք կը յառաջանայ՝ թերեւս կամ անպայման պէտք է փոխել այդ նախարարութեան անունը եւ զայն կոչել այնպէս, որով կարելի ըլլայ ընդհանուր պատկերացում ունենալ այդ նախարարութեան մասին: Երկրորդ հարցումը. ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռք, որուն հետ կ’ուզէ աշխատիլ այդ նախարարութիւնը։ Կա՞յ այդպիսի միաձոյլ, միատարր ու մէկ կառոյց։ Կա՞յ նման օրկան Հայաստանէն դուրս, արտասահմանի մէջ։ Իմ պատասխանս Ո՛Չ է։ Այստեղ ալ կրկնենք՝ հասարարական ու քաղաքական բառապաշարն ու բառ-եզրոյթները պէտք է ըլլան ճիշդ ու ճշգրիտ։ Պէտք է մտածել նոր եւ ճիշդ անուան մասին։ Հիմա առաջարկս սա է՝ Սփիւռքահայութեան հետ կապերու նախարարութիւն։ Մօտաւորապէս այս անունով կառոյց մը կար Հայաստանի մէջ խորհրդային ժամանակներուն։ Կարելի է մտածել ուրիշ յարմար անուններու մասին։ Խորհրդային ժամանակներուն, Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն կ’աշխատէր իրեն համար սահմանուած շրջագիծէն ներս։ Այստեղ մէկդի դնենք այդ կառոյցի՝ քաղաքական որոշ նկատառումներով աշխատիլը․ այդ մէկը ունէր հասկնալի պատճառներ։ Իմ առաջարկած անունով, կամ՝ ուրիշ, կարելի է ընդհանուր բնորոշել այդ նախարարութիւնը։ Բայց հարցը ասորմով չ’աւարտիր։ Շարունակենք։
Գանք ու համաձայնինք Սփիւռքահայերու հետ կապերու նախարարութիւն ընդհանուր եզրին հետ։ Հիմա հարց կը յառաջանայ. ինչպիսի՞ կապերու մասին է խօսքը՝ կրթակա՞ն, գիտակա՞ն, մշակութայի՞ն, պաշտպանակա՞ն, քաղաքակա՞ն, տնտեսակա՞ն, թէ ուրիշ․ ըսենք, օրինակ, հայապահպանութեան հարց։ Հիմա պահն է յստակացնել այս ամէնը։ Մեր օրերուն ի՞նչ պատկերացում ունինք Սփիւռքի նախարարութիւն կոչուածի մասին։ Կա՞յ աշխատանքային յստակ բանաձեւուած ոլորտ։ Ես կը կարծեմ, որ մինչ այսօր հիմնականօրէն խորհրդային տարիներու փորձի հիման վրայ ծրագրուած է այս նախարարութեան ընելիքը։ Ես չեմ անդրադառնար անոր ճիշդ կամ սխալ ըլլալու հարցին։ Իմ անձնական կարծիքով՝ Սփիւռքի նախարարութեան յատկացուող ողորմելի պիւտճէի սահմաններուն մէջ այս նախարարութիւնը ըրած է իր կարելին, բայց ոչ մէկ տեղ կարդացած եմ այս նախարարութեան յստակ ընելիքներուն մասին գրութիւն, որմէ պիտի բխի օրուան ղեկավարութեան քաղաքականութիւնն ու ռազմավարութիւնը։
Եւ…
Ի՞նչն էր այս գրութիւնը կազմելու պատճառները։ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եղաւ կոչ մը Սփիւռքի երիտասարդներուն, թէեւ շատ փոքր մաշտաբով, բայց տնտեսական բովանդակութեամբ, Հայաստանի առեւտրական ոլորտին մէջ մրցոյթ մը կազմակերպելու առիթով, ուր շահողը պիտի պարգեւատրուի։ Ու հարց յառաջացաւ. արդեօք այս նախարարութիւնը պարտականութիւն ունի՞ տնտեսական կապեր աշխուժացնելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Երկրորդ՝ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի՝ Լոս Անճելըս այցն էր։ Հետեւելով թերթերուն՝ ես չկրցայ գիտնալ ու եզրակացնել այս նախարարութեան ապագայ ընելիքներն ու Հայաստանի գործադիր նոր իշխանութեան քաղաքականութիւնը տուեալ ոլորտին մէջ։ Այո՛, կարդացինք, որ հզօր Սփիւռքը կարեւոր նեցուկ է Հայաստանին, հզօր Հայաստանը Սփիւռքի հզօրացումը կը նշանակէ… Կարդացինք, որ Սփիւռքի նախարարը պիտի աշխատի թափանցիկ ու համագործակցի բոլոր կառոյցներուն հետ… Կարդացինք նաեւ ողջոյնի ջերմ խօսքեր, բայց այս ամէնը չանցաւ ընդհանրախօսութիւններու սահմաններէն։
Սփիւռքի նախարարի առաջին այցը Լոս Անճելըս անպայման ունեցաւ ձեռքբերում մը: Ան մօտէն ծանօթացաւ հայ համայնքի հետ, այնքանով, որքանով նախատեսուած էր իր հանդիպումներու ծիրէն ներս։ Եւ նոյն ինքն այստեղ ալ եղան դժգոհութիւններ կազմակերպչական անհարթութիւններու, որոշ կառոյցներ եւ անձեր անտեսելու կապակցութեամբ, ինչ որ արտացոլացին նաեւ հայերէն մամուլի էջերուն մէջ։ Նախարար Հայրապետեանը հիւանդութեան պատճառով չհասցուց ունենալ նախատեսուած մի քանի հանդիպում եւ չունեցաւ մամլոյ ասուլիս։
Կը կարծեմ, որ կարեւոր էր լսել նախարարութեան գործունէութեան եւ որդեգրած քաղաքականութեան մասին մանրամասնութիւններ։ Իսկ բացի այս նախարարութեան անունը փոխելէ՝ իր աշխատանքներուն մասին իմ առաջարկներս՝ թերեւս յետոյ։