Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Հարիրիի Հետ Իմ Քաղաքական Դաշինքս Կը Մնայ Անձեռնմխելի. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: 2016-ի քաղաքական պայմանագիրը, որ ուղի հարթեց զօր. Միշէլ Աունի նախագահական ընտրութեան եւ Սաատ Հարիրին վերանշանակեց վարչապետի պաշտօնին, կը մնայ անձեռնմխելի՝ ի հեճուկս նոր կառավարութեան կազմաւորման ձգձգումին շուրջ ծայր առած հակաճառութիւններուն: Այս մասին ըսաւ նախագահ Միշէլ Աուն:

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ այցելուներու հետ զրոյցի ընթացքին Աուն ըսաւ, որ թէեւ կան ներքին ազդակներ, ինչպիսին է մրցակից կուսակցութիւններու պայքարը նախարարական կարեւորագոյն պաշտօններ ձեռք ձգելու համար, որոնք կ’արգելափակեն կառավարութեան ձեւաւորման հաւանական ուղիները, սակայն կան նաեւ արտաքին գործօններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կը բանեցնեն այդ գործընթացին վրայ:
Հաշուի առնելով, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը իր երրորդ ամիսը թեւակոխեց՝ առանց որեւէ նկատառելի յառաջխաղացքի՝ նախագահ Աուն յայտնեց, որ կողմնակից է մեծամասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու գաղափարին, եթէ կարելի չըլլայ գլուխ բերել բոլոր կուսակցութեանց ներկայացուցչութիւնը ապահովող ազգային միասնական կառավարութիւն մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին