«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրամանատարութեան փոխանցումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի պաշտօնաւարտ հրամանատար Մայքլ Պիարի ՄԱԿ-ի դրօշակը յանձնեց իտալացի գլխաւոր հրամանատար Սթեֆանօ Տէլ Քոլին: Վերջինս իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Պիտի շարունակեմ ղեկավարել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ը՝ 1701-ի բանաձեւին տակ մեր լիազօրութիւնները ի կատար ածելու ճանապարհին: Լիբանանի ու մասնաւորաբար հարաւի ղեկավարութիւնը պիտի համարեմ հաւատարիմ գործընկերներ մեր այս ձգտումին մէջ»: