Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Երկու Քաղաքացի Սպաննուած Են Ականի Մը Պայթումով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանին մէջ երկու քաղաքացի սպանննուած են տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստանալով, որպէս հետեւանք ականի մը վրայ կոխած ըլլալու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ, Ալիպէյլի գիւղի շրջակայքին: Տեղի բնակիչներ 24-ամեայ Մեխտիեւ Էլշատ Վիտատին եւ 14-ամեայ Հուսէյնով Ֆարիտ օղլուն կոխած  են ականի վրայ՝ ստանալով մարմնական ծանր վնասուածքներ: Անոնք տեղափոխուած են Թովուզի կեդրոնական շրջանային հիւանդանոց:

Կը հաղորդուի, որ նշուած տարածքներուն մէջ եղած են վտանգի մասին զգուշացնող տարբերանշաններ: Դէպքի առթիւ քննութիւն սկսած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին