«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցները վերականգնելու մասին ԱՄՆ նախագահի որոշումը սպասելի էր:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին իրանագէտ Գոհար Իսկանտարեանը նշեց, որ երբ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեց Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրէն դուրս գալու մասին, ակնյայտ էր, որ պիտի դիմէ պատժամիջոցներու վերականգնման քայլին:
«Յաջորդ փուլը Նոյեմբերին կը սպասուի, երբ ալ աւելի պիտի խստանան պատժամիջոցները: Վերջիններս պիտի անդրադառնան նաւթակազային ոլորտին: Պէտք է փաստենք, որ Թրամփի յայտարարութենէն ետք արեւմտեան 150-200 ընկերութիւնները, որոնք այս ընթացքին գրանցուած էին եւ կը փորձէին աշխատանքներ իրականացնել Իրանի մէջ, դուրս կու գան եւ աւելի վատ վիճակի մէջ կը դնեն երկրի տնտեսութիւնը»,-ըսաւ Գոհար Իսկանտարեանը: Ան նշեց, որ թէպէտ եւրոպական երկիրները կը յայտարարեն, թէ պիտի չմիանան պատժամիջոցներուն, սակայն կը տեսնենք, որ եւրոպական առեւտուրը նոյնպէս դուրս կու գայ Իրանէն: Անոնք կը դիմեն այդ քայլին, որովհետեւ Թրամփը շատ յստակ յայտարարած է՝ այն ընկերութիւնները, որոնք Իրանի հետ կ’աշխատին, հնարաւորութիւն չեն ունենար իրենց գործունէութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ ծաւալելու:
Ինչ կը վերաբերի հետեւանքներուն, ապա իրանագէտը նշեց, որ անոնք ակնյայտ են. պատժամիջոցները իրենց ուժեղ ազդեցութիւնը կ’ունենան Իրանի տնտեսութեան վրայ: Իրանի արժոյթը կ’արժեզրկուի, երկրին մէջ տեղի կ’ունենան ցոյցեր, ուր մասնակիցները կը բողոքեն իրենց ընկերա-տնտեսական վիճակէն: Պահանջ պիտի ըլլայ, որ Իրանի իշխանութիւնները դադրեցնեն օգնութիւնը տարածաշրջանային երկիրներուն եւ իրենց ուշադրութիւնը բեւեռեն երկրի տնտեսական հարցերուն վրայ:
«Ներքին բողոքները միշտ եղած են, պարզապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին անոնք սաստկացած են, ընկերային խնդիրները զգացնել կու տան: Այս կէտէն կ’օգտուի ԱՄՆ-ը՝ ըսելով, որ Իրանի ժողովուրդին կողքին է, որ իրենց պահանջները կը համընկնին Իրանի ժողովուրդի պահանջներուն հետ: Բնականաբար, բողոքներ, դժգոհութիւններ պիտի ըլլան, յոյսով եմ, որ Իրանի իշխանութիւնները կը փորձեն կարգաւորել օրէ-օր ահագնացող խնդիրը»,- աւելցուց իրանագէտը:
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը ստորագրած է հրամանագիր Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկու փուլով վերականգնելու վերաբերեալ: Անոնք յետաձգուած էին 2016 թուականի Յունուարին ստորագրուած Իրանի միջուկային ծրագիրի համաձայնագիրի կնքումէն ետք: Պատժամիջոցներու՝ Օգոստոս 7-ին սկսող առաջին փուլի շրջանակին մէջ կը վերականգնուին սահմանափակումները ընդդէմ Իրանի պետական պարտքի եւ անոր ազգային արժոյթի: Բացի այդ՝ կը վերականգնուին պատժամիջոցները մետաղներու եւ թանկարժէք մետաղներու առեւտուրի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ տոլար գնելու գործընթացի նկատմամբ:
Պատժամիջոցներու երկրորդ փուլը նախատեսուած է ուժի մէջ մտցնել ընթացիկ տարուան Նոյեմբեր 4-ին: Վերջին փուլը, ինչպէս ընդգծուած է հրամանագիրին մէջ, կ’ենթադրէ պատժամիջոցներու վերականգնում՝ կապուած նաւթի արտահանման եւ ուժաբանութեան հատուածի, ֆինանսական հիմնարկներու հետ:Կ’ըլլան պատժամիջոցներ այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք ունին նաւահանգիստներ, կը պատկանին նաւաշինական ճիւղին, ինչպէս նաեւ ապահովագրական ընկերութիւններու ու այն կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կապուած են ֆինանսական տեղեկութեան փոխանցման հետ: