Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ռազմական Լրագրողները Սահմանագիծ Այցելած Են

Ռազմական ոլորտին առնչուող նիւթերուն եւ պաշտպանական հոլովոյթներուն վերաբերեալ լրագրողներուն մէջ աւելի առարկայական եւ միասնական մօտեցումներ ձեւաւորելու նպատակով՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող «Ռազմական լրագրութեան» դասընթացքին մասնակիցները Օգոստոս 1-3 եռօրեայ այցելութիւն տուած են պաշտպանութեան բանակ:

Վերջիններս այցելած են արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծ եւ զօրամասերու մնայուն տեղակայման վայրեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներուն ընկերա-կենցաղային պայմաններուն, կատարուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ եղող ճարտարապետական-ամրաշինական աշխատանքներուն:

Դասընթացքին մասնակիցները այցելած են նաեւ բանակի տեղեկատուական կեդրոն, ծանօթացած ճգնաժամային իրավիճակներուն կեդրոնի աշխատանքներու կազմակերպման առանձնայատկութիւններուն ու հանդիպում ունեցած բանակի հրամանատարի տեղակալ, հազարապետ զօրավար Վ. Բալայեանի հետ:

Բանակի փոխհրամանատարը համառօտ ներկայացուցած է զինուած ուժերու կազմաւորման պատմութիւնը, բանակաշինութեան ներկայ փուլի առանձնայատկութիւնները, անձնակազմի դաստիարակչական եւ բարոյահոգեբանական ոլորտին մէջ իրականացուող հոլովոյթները, պատասխանած դասընթացքի մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին