Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Շուշիի Մէջ «Ստեղծագործում Են Թանգարաններու Աշխատողները» Խորագիրով Ցուցահանդէս Տեղի Պիտի ունենայ

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ու թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՈՄ) հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի համատեղ աջակցութեամբ՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ Օգոստոս 8-ին տեղի պիտի ունենայ «Ստեղծագործում են թանգարանների աշխատողները» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը:

Ցուցահանդէսը, ըստ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, նուիրուած է թանգարաններու աշխատողներու եւ բարեկամներու ընկերակցութեան հիմնադրման 15-ամեակին եւ ԻԿՈՄ-ի հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէի հիմնադրման 10-ամեակին:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ թանգարաններու աշխատակիցներու աւելի 70 նիւթ եւ արուեստի տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ գեղանկար, գծանկարչութիւն, քանդակ, լուսանկար, կիրառական արուեստ,   բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին