Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Վենեզուելայի Մէջ Նախագահի Դէմ Մահափորձէն Ետք Լրագրողներու Ձերբակալումներ Սկսած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ մահափորձէն ետք երկրին մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւններ սկսած են: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, իր Twitter-ի մէջ յայտնած է Մամուլի աշխատողներու ազգային միութիւնը:

Կը ճշդուի, որ այս պահուն ձերբակալուած են մամուլի 11 աշխատողներ, որոնց շարքին են ինչպէս ազգային, այնպէս ալ արտասահմանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ոմանց ծեծած են կամ կողոպտած: Աւելի կանուխ, ներքին գործոց, արդարադատութեան եւ հաշտութեան հարցերու նախարար Նեսթոր Ռեւերոլը զեկուցած է, որ մահափորձի գործով ձերբակալուած է վեց կասկածեալ, կազմակերպիչներն ու կատարողները յայտնի են: Մահափորձի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Ֆլանելաւոր զինուորներ» խմբաւորումը: Մատուրոյի դէմ մահափորձը կատարուած է Օգոստոս 5-ին Քարաքասի մէջ նախագահի հրապարակային ելոյթի ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին