Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Պըրրի Որեւէ Պատասխան Չունի Նախարարաց Խորհուրդի Կազմաւորման Ձգձգումին Առնչութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Երկուշաբթի հրապարակուած մեկնաբանութիւններու մէջ ըսաւ, որ ստոյգ պատասխան չունի, թէ ինչո՛ւ տակաւին կ’երկարաձգուի նախարարաց խորհուրդի կազմաւորումը:
«Երբ հարցնենք, կ’ըսեն, որ այս հարցի գծով առկայ է դրական մթնոլորտ, սակայն, ցաւօք, գործնական գետնի վրայ այդ բանը չենք զգար մենք»,- «Ալ Ժումհուրիա» թերթը մէջբերած է Պըրրիի խօսքը:

«Թէ ինչո՛ւ, ապա կ’ուզեմ յստակացնել, որ անոր պատասխանը ես չունիմ»:
Պըրրի հաղորդեց թերթին, որ պարզ չէ մաշտաբը այն բարդութիւններուն, զորս կը խոչընդոտեն նոր կառավարութեան կազմաւորումը: «Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Լիբանանի տնտեսական ներկայ կարիքները կը ստիպեն, որ այս անել կացութիւնը հնարաւորինս շուտ հանգուցալուծուի նպատակայարմար եւ միահամուռ ջանքերով՝ ի կատար ածելու համար նոր կառավարութեան ձեւաւորումը»: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին