Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ երկրի սահմաններու ավտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլերը։ Յիշենք, որ վերջին տարիներուն Թուրքիան պարիսպ կը կառուցէր Սուրիոյ, Իրանի եւ Հայաստանի հետ սահմանին։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ սահմանի սուրիական հատուածին վրայ արդէն կառուցուած է շուրջ 802 քիլոմեթր երկարութեամբ պատ, որ կը կազմէ այդ ուղղութեամբ նախատեսուած պարիսպին 97 տոկոսը։ Իրանի հետ սահմանին (Աղրը, Իգտիր) նախորդ տարի մեկնարկած է 144 քմ երկարութեամբ հատուածին վրայ մետաղալարէ ցանկապատով համալրուած պատին կառուցումը։ Այս ուղղութեամբ արդէն աւարտին հասցուած է շուրջ 90 քիլոմեթր հատուածի պարսպապատումը։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նախատեսած է նաեւ լուսաւորել սահմանը եւ վերահսկել տեսախցիկներով։ 2017-2018-ին մեկնարկած լուսաւորման աշխատաքներուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի արեւային ուժի օգտագործումով ապահովել Թուրքիա–Սուրիա, այնուհետեւ նաեւ՝ Թուրքիա-Հայաստան (Արտահան) սահմանին լուսաւորումը։ Նշուած հատուածին վրայ կը տեղադրուին նաեւ տեսանկարահանող եւ անվտանգութեան սարքեր։
Կը նշուի, որ ներկայիս կը լուսաւորուի Թուրքիոյ սահմաններու 802 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածը, իսկ նախատեսուած աշխատանքներուն աւարտէն ետք՝ 2019-ին, լուսաւորուող հատուածի երկարութիւնը պիտի կազմէ 1124 քմ կամ Թուրքիոյ ցամաքային սահմանին շուրջ 40 տոկոսը։