Մերձմոսկովեան Ալապինոյի մէջ տեղի ունեցած է հայ հրասայլորդներու մասնակցութեամբ վերջին անհատական մրցավազքը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հայաստանը ներկայացնող հրասայլորդները մրցած են Վիեթնամի, Խըրխըզիստանի եւ Միանմայի խումբերուն հետ։
Հայկական խումբը խոցած է հնարաւոր հինգ թիրախներէն բոլորը, իսկ վերջին անհատական մրցավազքէն ետք ամփոփուած են արդիւնքները։ Հայաստանի խումբը 12 լաւագոյններու շարքին զբաղեցուցած է 9-րդ հորիզոնականը եւ անցած է կիսաեզրափակիչ։
Հայ հրասայլորդներու մասնակցութեամբ փոխանցումավազքի առաջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 8-ին, իսկ մրցակիցները պիտի ըլլան Ռուսիան, Վենեզուելան եւ Մոնկոլիան: