«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի դէմ մահափորձէն ետք երկրին մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւններ սկսած են: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, իր Twitter-ի մէջ յայտնած է Մամուլի աշխատողներու ազգային միութիւնը:
Կը ճշդուի, որ այս պահուն ձերբակալուած են մամուլի 11 աշխատողներ, որոնց շարքին են ինչպէս ազգային, այնպէս ալ արտասահմանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ոմանց ծեծած են կամ կողոպտած: Աւելի կանուխ, ներքին գործոց, արդարադատութեան եւ հաշտութեան հարցերու նախարար Նեսթոր Ռեւերոլը զեկուցած է, որ մահափորձի գործով ձերբակալուած է վեց կասկածեալ, կազմակերպիչներն ու կատարողները յայտնի են: Մահափորձի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Ֆլանելաւոր զինուորներ» խմբաւորումը: Մատուրոյի դէմ մահափորձը կատարուած է Օգոստոս 5-ին Քարաքասի մէջ նախագահի հրապարակային ելոյթի ժամանակ:






