Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Բուռնաշեթցիներու 16 Հոգինոց Խումբը Արարատ Կը Բարձրանայ

Ախալքալաքի շրջանի Բուռնաշեթ գիւղի 16 հոգինոց խումբը կը բարձրանայ Արարատ լեռ։ Նախաձեռնողները, ըստ Akhaltskha.net-ի, մոսկուայաբնակ Ա. Քոչոյեանը եւ Գ․ Կուրղինեանն են, իրենց համագիւղացիներուն հետ միասին։ Արմէն Կուրգինեանի խօսքով՝ պիպլիական Արարատ լեռը բարձրանալը բուռնաշեթցիներու կողմէ կազմակերպուած ուխտ է:

«Անցեալ տարի շուրջ 40 բուռնաշեթցիներով գացինք մեր պապական Էրզրումի Օրթվիզ (ներկայիս Ուզունեայլա): Վերադարձին որոշեցինք որ Վանը, Մուշը, Կարսը, Անին տեսնելէ ետք՝ Արարատը պիտի նուաճուի եւ այսպէս, այսօր, Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ շուրջպար բռնելէ ետք՝ տրուեցաւ ուխտի սկիզբը»,- կը նշէ Արմէն Կուրգինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին