Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններու Կայացումը Կախուած Է Թեհրանէն. Տոնալտ Թրամփ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու կայացման հնարաւորութիւնը կախուած է Թեհրանէն: Այս մասին թուիթըրի իր էջին գրած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՏԱՍՍ»-ը, Թրամփ մասնաւորապէս գրած է. «Իրանի եւ իր տնտեսութեան վիճակը երթալով կը վատանայ: Կը հանդիպիմ, թե ոչ, կարեւոր չէ: Ամէն ինչ կախուած է անոնցմէ»:

Յուլիս 30-ին Թրամփ յայտարարած էր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ առանց նախապայմանի հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին: Աւելի ուշ, պետական քարտուղար Փոմփէօն նշած էր, որ Սպիտակ տան ղեկավարի գաղափարը կ’ողջունէ, եթէ Թեհրանը այդուհանդերձ իրականացնէ որոշ նախնական պայմանաւորուածութիւններ: 

Յուլիս 31-ին, սակայն, պետական քարտուղարութեան մամլոյ խօսնակը յստակեցուցած էր, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը կ’աջակցի երկրի ղեկավարի առաջարկին, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ առայժմ երկկողմ հանդիպումներ ու հեռախօսազրոյցներ չեն նախանշուիր:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Թրամփ Օգոստոս 1-ին կարծիք յայտնած էր, որ Թեհրանը տեսանելի ապագային կը ցանկայ բանակցութիւններ սկսիլ Ուաշինկթընի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին