Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Գնահատուած Աշխատանք Ու Նոր Համագործակցութիւն՝ Յանուն Հայ Զինուորին

«Յանուն հայ զինուորի» հասարակական կազմակերպութիւնը այսուհետեւ, ի դէմս «#Sport» խանութներու ցանցին, ունի նոր գործընկեր: Վերջիններուս միջեւ նոր համագործակցութիւն ձեւաւորուած է. «#Sport»-ը ՀԿ-ի անդամներուն անվճար շապիկներ կը տրամադրէ ՝ Արցախի մէջ կայանալիք «Ազգ-բանակ 2018» ծրագիրի ընթացքին միանման հագնելու համար: Շապիկներու առաջնամասին վրայ խանութի տարբերանշանն է, իսկ թիկունքին գրուած է ՀԿ-ի անունը: 

Նախաձեռնութիւնը եղած է «#Sport» խանութներու տնօրէն Արամ Պլըխեանինը, որ Banak.info-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմեց, թէ ինչո՛ւ փափաքած է նման համագործակցութիւն ունենալ:

«Նմանատիպ կազմակերպութիւններ շատ կան, բայց ժամանակի ընթացքին, երբ տեսայ «Յանուն հայ զինուորի» ՀԿ-ի գործը, լրատուական նիւթերն ու սահմանին գտնուելու փաստը, որոշեցի զանգահարել ու ըսել, որ կը փափաքիմ շապիկներ նուիրել իմ կողմէս, ի հարկէ համագործակցելով, եւ այդ ձեւով քաջալերել այն հայերը, որոնք կ’աշխատին իրենց երկրին համար»:

Արամ Պլըխեանի խօսքով՝ զինուորին հասցէագրուած օգնութիւնները պէտք է տեղ հասնին, եւ քանի որ, իր կարծիքով, «Յանուն հայ զինուորի» ՀԿ-ն ճիշդ կ’աշխատի, շապիկները կը նուիրէ ՀԿ անդամներուն՝ Արցախ երթալու համար:

Banak.info

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին