Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Այսուհետեւ Սահմանը Կը Պաշտպանեն՝ Նաեւ Խաչով Զինուած

Յուլիս 30-ին Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ մկրտուած են Մատաղիսի մէջ ծառայող թիւով 61 զինուորներ: Նախաձեռնութիւնը Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին առընթեր կանանց խորհուրդին էր: Խորհուրդի նախագահ Ռամելա Դադայեանը ըսած է, որ չկնքուած զինուորներու մկրտութիւնը կազմակերպելու գաղափարը խորհուրդի անդամներուն հերթական հանդիպումին ծնած է: «Մեր առաջարկը ներկայացուցինք ԱԺ պատգամաւորներուն եւ հասարակութեան տարբեր խաւերուն: Բոլորն ալ ողջունեցին: Մեկնարկը տրուած է Մատաղիսի զօրամասէն, սակայն մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ շարունակական»,- կը վստահեցնէ Ռամելա Դադայեանը: Առաջին խումբի զինուորներուն կնքահայր ըլլալու պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ վերցուցած են ԱՀ ԱԺ  խումբ մը պատգամաւորներ՝ ինչէես իշխող, այնպէս ալ ընդդիմադիր թեւէն, արցախեան շարժումի առաջամարտիկ Արքատի Կարապետեանը, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի բաժնի ղեկավար Արտակ Բեկլարեանը:

«Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Գրիգորեանն ալ ողջունած է նախաձեռնութիւնը՝ խոստանալով, որ իր սանիկներուն հետ կապը պիտի պահէ անոնց ծառայութեան ամբողջ ընթացքին եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, ծառայութեան աւարտէն ետք՝ եւս: «Գիտակցելով ամբողջ պատասխանատուութիւնը՝ որպէս կնքահայր՝ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք մեր զիուորներու կողքին ըլլալու: Սանիկներուն հետ անպայման պիտի ըլլայ կապը: Այսօր արդէն հասցուցած ենք ծանօթանալ, եւ այսուհետեւ անոնց հետ շփումները պիտի ըլլան աւելի յաճախակի»,- խոստացած է պատգամաւորկնքահայրը:

«Այսօր իրենք նորածիններ են, նորածիններու պէս մաքուր ու անմեղ: Կը մաղթէի, որ իրենք գնահատեն այդ մէկը ու իրենց անձը պահեն մաքուր, արդար»,- կը բարեմաղթէ կնքահայրերէն Արքատի Կարապետեանը, որ նաեւ Արցախեան շարժումի առաջամարտիկներէն մէկը եղած է:

Մկրտուող 61 զինուորներէն մէկն ալ Արթուր Մեսրոպեանն է: Կը կարեւորէ, որ հասուն տարիքին կը մկրտուի: Խորհրդանշական կը համարէ, որ ինք կը մկրտուի, երբ հայրենիքի պաշտպաններու շարքերուն է: «Մեծ պատիւ է Շուշիի մէջ մկրտուիլ: Աւելի մեծ պատիւ է, որ զինուորական համազգեստով կը մկրտուիմ»,- կ’ընդգծէ Արթուր Մեսրոպեանը:

Մկրտութեան մասնակցած են նաեւ մկրտուող զինուորներէն շատերու ծնողներն ու հարազատները: Ուրախութիւնը կրկնակի էր. մէկ կողմէ՝ իրենց զինուորը անգամ մը եւս տեսնելու հնարաւորութիւն, միւս կողմէ՝ անիկա կը համընկնի ոեւէ քրիստոնեայի կեանքին մէջ ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկուն՝ մկրտութեան հետ:

Այցը նաեւ Շուշիի մէջ շրջելու առիթ էր: Մկրտուած զինուորները իրենց կնքահայրերուն եւ ՊԲ հրամանատարին կից Կանանց խորհուրդի անդամներու հետ շրջած են Շուշիի տեսարժան վայրերը: Անոնք այցելած են նաեւ Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհած Մեծ Հայրենականի եւ Արցախեան Ազատամարտին զոհուածներու յիշատակին:

Արցախի Զբօսաշրջութեան Նորութիւններն Ու Բազմազանութիւնը

Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան աշխոյժ տարեշրջանը կը կիսուի: Պատկան մարմիններու մօտ դժգոհութիւն չկայ: Օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու վիճակագրութիւնը ՅունուարՄայիս ամիսներու կտրուածքով ամբողջացուցած են. թիւերը լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, որ տարին աճի աւելի բարձր ցուցանիշներով պիտի ամփոփենք: «ՅունուարՄայիս ամիսներու կտրուածքով Արցախ այցելած միջազգային զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 102 տոկոսով: Զբօսաշրջային աշխոյժ տարեշրջանը կը շարունակուի, եւ, հաշուի առնելով նախորդ տարիներու փորձը, կրնանք ակնկալել, որ տարուան կտրուածքով մինչեւ 70 տոկոս աճ կ’ունենանք»,- ունեցածն ու ակնկալիքները թիւերու կը վերածէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը:

Աւելցած են նաեւ գիշերակացի հնարաւորութիւնները: Կը հիմնադրուին նաեւ հիւրանոցային եւ հիւրատնային նոր կազմակերպութիւններ: «Այսօրուան դրութեամբ արդէն իսկ գրանցուած է հիւրանոցային տնտեսութեան 55 կայան, այս տարուան առաջին կիսամեակին արդէն գրանցուած է 4 նոր զբօսաշրջային տուն, եւ ընդհանուր մահճակալտեղերու թիւը հասած է 1470-ի»,- կը մանրամասնէ զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուն:

Աւելցած է բարեկարգ զբօսաշրջավայրերու թիւը: Ասկերանի բերդի ճանապարհամերձ հատուածը անոնցմէ մէկն է:  Վերանորոգուած է պետական պիւտճէի միջոցներով: «Բերդի այդ հատուածը վերանորոգուածվերականգնուած է: Անիկա աւելի մատչելի դարձած է այցելուներուն համար եւ քանի որ ճանապահին յարող տարածք է, արդէն իսկ կրնանք գնահատել, որ այցելուներու պակաս չունի,- կը գնահատէ Արտակ Գրիգորեանը:- Կ’ակնկալենք, որ այդ հատուածին մէջ մասնաւոր նախաձեռնութիւններ եւս ըլլան. ի վերջոյ, այցելուներու որոշ թիւը կը նշանակէ, որ այդտեղ կարելի է առնուազն յուշանուէրներու վաճառքի կէտ ունենալ»:

Կը շարունակուին «Ճանապարհ Թրէյլ»-ի հետ կապուած ծրագիրները: Այս պահուն ուշադրութեան կեդրոնին երթուղիի հարաւային հատուածն է: «Գրեթէ աւարտին հասցուած են հարաւային հատուածի գծանշման եւ բարեկարգման աշխատանքները, պետական պիւտճէի միջոցներով կ’իրականացուին նաեւ ՍարգսաշէնԿարմիր շուկայ հատուածի գծանշման, բարեկարգման եւ քայլուղիի ընդհանուր զարգացման աշխատանքները»,- կը մանրամասնէ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետը:

«Ճանապարհ Թրէյլ»-ի կարեւոր հատուածը կը հանդիսանայ Հունոտի կիրճը, որ նաեւ առանձին արգելոցի կարգավիճակ ունի: Տարին նաեւ Հոնոտի մէջ կատարուած բարեկարգման, կահաւորման աշխատանքներով առանձնացաւ: Անիկա թոյլ կու տայ Շուշին, Քարինտակը եւ Հունոտի կիրճը որպէս զբօսաշրջային միասնական արտադրանք ներկայացնել: «Այդ հատուածի զարգացման համար «Հայ լեռնագնացներու միութեան» հետ մէկտեղ իրականացուցած ենք տարբեր աշխատանքներ,- կը թուարկէ Արտակ Գրիգորեանը:- Ճամբան բարեկարգած ենք, մէկ նոր կախովի կամուրջ կառուցած: Նաեւ այդ հատուածի ներկայացման ու քարոզչութեան ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ տարուած են»: Հունոտի կիրճի հետ կապուած այլ ծրագիրներ եւս կան: Տարին, սակայն, աւելի շատ նախագծման, ծրագրաւորման համար կ’օգտագործեն: «Ծրագիր կայ Հունոտի մէջ զիփ-լայնի նախագիծ իրագործել: Այս ծրագիրը դեռ մշակման փուլի մէջ է, եւ յոյսով ենք՝ շուտով յառաջընթաց կ’ունենանք այդ ուղղութեամբ եւս»,- փակագիծերը դեռ մինչեւ վերջ չի բանար Արտակ Գրիգորեանը:

Աւանդական եւ արկածային զբօսաշրջութեան հետ նաեւ այլ ուղղութիւններ պիտի փորձեն աշխուժացնել: Գինիի փառատօն, Արցախի օդային փառատօն. շարքը կարելի է շարունակել: Իրադարձային զբօսաշրջութիւնը արդէն աստիճանաբար կ’ամրապնդէ իր դիրքերը: Խոստմնալի ուղղութիւն կը մնայ գիւղատնտեսական զբօսաշրջութիւնը՝ իր չօգտագործուած հնարաւարութիւններով: Այս ուղղութեան միջոցներ յատկացնելէ առաջ փորձ պիտի կատարուի նախ շահառուներուն նախապատրաստելու, կը տեղեկացնէ Արտակ Գրիգորեանը. «Արդէն պայմանաւորուածութիւն ունինք ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի հետ, որ գիւղատնտեսական զբօսաշրջութեան վերաբերեալ համապատասխան մասնագէտներու ներգրաւումով ՕգոստոսՍեպտեմբեր ամիսներուն դասընթացքներ պիտի կազմակերպենք Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններու բնակիչերուն համար»:

Հայաստանեան գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը այդքանով պիտի չսահմանափակուի: Աւելի աշխոյժ աշխատանքներ պիտի տարուին հայաստանեան գործընկերներու հասանելի հարթակներու վրայ նաեւ Արցախի զբօսաշրջային ներուժը ներկայացնելու ուղղութեամբ: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Արցախը ՀՀ բնակչութեան համար բացայայտելու ծրագիրներուն:

Այս տարի եւս կը շարունակէ գործել «Թուրիստ Պուս» ծրագիրը: Անորմէ մեծապէս կ’օգտուէին ե՛ւ հիւրերը, ե՛ւ արցախցիները: Օգոստոս 1-էն մեկնարկած են զբօսաշրջային կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ երեք տարբեր երթուղիներով: Նախորդ տարուան դրական արձագանգները հաշուի առնելով՝ երթուղիները անփոփոխ ձգուած են: Գիները՝ եւս: «Գործող երթուղիներն են՝ ՍտեփանակերտԳանձասարՍտեփանակերտ, ՍտեփանակերտՏողի ջրաշխարհՍտեփանակերտ եւ ՍտեփանակերտՀունոտի կիրճ» արգելոցՍտեփանակերտ: ՍտեփանակերտԳանձասար երթուղիին մէջ ներառուած է նաեւ զբօսարշաւ դէպի Նիկոլ Դումանի տունթանգարան, իսկ ՍտեփանակերտՏողի ջրաշխարհ երթուղիի մէջ՝ դէպի Տնջուրի ծառ զբօսաշրջավայր եւ «Տողի մելիքական ապարանք» արգելոց: Հանրակառքերը պիտի մեկնին օրական մէկ անգամ՝ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, բացի Երկուշաբթի օրերէն: Տոմսերը կը վաճառուին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ: Գիները անփոփոխ մնացած են. դէպի Հունոտի կիրճ մէկ տոմսի արժէքը 100 դրամ է, միւս երկու ուղղութիւններով՝ 250 դրամ»,- մանրամասնօրէն կը թուարկէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը: «Թուրիստ Պուս»-երը կը գործեն երկու ամիս՝ Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին: Մեկնումը՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն:

Արցախեան Բանջարեղէնը Դուրս Կու Գայ Միջազգային Շուկայ

Արցախի մէջ բանջարեղէնի մշակութեան ծաւալները կ’ընդլայնուին: Նախորդ տարուան 995 հեքթարի դիմաց այս տարի 1100 հեքթար բանջարեղէն ցանուած է: Պետական աջակցութեան գործիքներն ալ կատարելագործուած են: Գարնանացանի մշակութեան աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ նոր բոյսեր ներառուած են՝ սխտորը, կաղամբը, ստեպղին, ճակնդեղը եւ վարունգը: Հեքթարի համար 200 հազար դրամ աջակցութիւն ցուցաբերուած է: Գետնախնձորի պարագային, հեքթարի համար՝ 150 հազար դրամ: Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժնի պետ Արամ Պատալեանի տեղեկացմամբ՝ ընդհանուր առմամբ՝ 200-220 հող օգտագործողի այս ծրագիրով աջակցութիւն ցուցաբերուած է: Ցանքսերու առումով առաջատարը Ասկերանի շրջանն է:

Յուլիսի վերջերէն բերքի իրացման խնդիրը օրակարգի վրայ: Արցախի մէջ բանջարեղէնի վերամշակման ամենամեծ ծաւալները ունեցող «Արցախ ֆրութ» ընկերութեան մէջ արդէն մեկնարկած է բանջարեղէնի մթերումը: Սովորականէն աւելի կանուխ սկսած են: «Մեր պատուէրները աւելի շատ են, եւ ժամանակին հասցնելու համար այս տարի որոշած ենք աւելի կանուխ սկսիլ աշխատանքները»,- կը պատմէ «Արցախ ֆրութ» ՓԲԸ տնօրէն Արմէն Ծատուրեանը: «Սկիզբը ռուպ ընդունած են, խաղողի տերեւ,- տնօրէնին խօսքը կը շարունակէ «Արցախ ֆրութ» ՓԲԸ արտադրութեան պետ, գլխաւոր արհեստագէտ Կարինէ Յակոբեանը:- Յուլիս կէսերէն աշխատանքներու հիմնական փուլը սկսած ենք՝ բանջարեղէնի վերամշակումը»: Բանջարեղէնը ծաւալի առումով «Արցախ ֆրութ»-ի արտադրութեան հիմնական մասը կը կազմէ: Բազմազանութիւնը, սակայն, նաեւ վերամշակուած միրգի տեսականին կ’ապահովէ: Ընկերութեան արտադրանքի տեսականին մի քանի տասնեակ անուն կը պարունակէ: «Թիւը փոփոխական է, բայց կրնանք վստահօրէն ըսել՝ 30-40 անուն արտադրանք ունինք մեր տեսականիին մէջ»,- ըսուածը թիւերու կը վերածէ Կարինէ Յակոբեանը:

Տեղական՝ արցախեան շուկային մէջ կը վաճառուի «Արցախ ֆրութ»-ի արտադրանքի ընդամէնը 10 տոկոսը: Արտադրանքի մօտ 85 տոկոսը ռուսական շուկային մէջ կը սպառի: 5 տոկոսը Եւրոպա կ’արտահանուի: Կը ձեռնարկուին քայլեր ամերիկեան շուկայ ներկայանալու ուղղութեամբ: «Արդէն երկու տարի կը փորձենք նաեւ յատուկ, ամերիկեան շուկայի համար նախատեսուած տեսականի արտադրել՝ հաշուի առնելով այդ շուկայի իւրայատկութիւնները, սպառողի պահաջարկը: Կը կարծեմ՝ արդէն որոշ յաջողութիւն ունինք եւ բաւարար հիմք՝ ամերիկեան շուկայ մտնելու հայտ ներկայացնելու համար»,- կը մանրամասնէ ընկերութեան տնօրէն Արմէն Ծատուրեանը:

Ընդհանուր առմամբ՝ սպառման հետ կապուած էական խնդիրներ չկայ: Տարիներու հետ փորձը, շուկայի իւրայատկութիւններուն յարմարելու հնարաւորութիւնները կ’աւելնան: Արտադրանքի ծաւալները փոփոխական են: Վերջին տարիներուն, աճի միտումները ակնյայտ են: «Մօտ 20 տոկոսով նախորդ տարի աճ ունեցանք, հաւանաբար մօտաւորապէս նոյն մակարդակի աճ կ’ունենանք նաեւ այս տարուան համար»,- լաւատես է «Արցախ ֆրութ»-ի տնօրէնը: Համապատասխանաբար, կը փոխուի նաեւ գիւղատնտեսական մթերուող արտադրանքի քանակը: Հիմնական ծաւալը բանջարեղէնը կ’ապահովէ: «Տարեկան կտրուածքով կը մթերենք մօտ 450-500 թոն բանջարեղէն: Հիմնականօրէն սմբուկ եւ լոլիկ: Բայց միրգի որոշ քանակ, ինչպէս նաեւ ռուպ կը գնենք»,- կը թուարկէ Արմէն Ծատրեանը:

Եթէ տարիներ առաջ անհրաժեշտ հումքը հայթայթելը լուրջ խնդիր էր վերամշակողի համար, ապա տարիներուն հետ գիւղատնտեսութեան այս ճիւղին մէջ արձանագրուած տեղաշարժի արդիւնքով՝ պատկերը փոխուեցաւ: «Հումքը հայթայթելու հետ կապուած խնդիրեր կային տարիներ առաջ: Տարիներուն հետ իրավիճակը փոխուած է: Այսօր, կրնանք ըսել, պատկերը հակառակն է, եւ մեր կողմէ օգտագործուած հումքի հիմնական մասը՝ մօտ 70 տոկոսը, արտադրուած է Արցախի մէջ»,- կը վստահեցնէ «Արցախ ֆրութ»-ի արտադրութեան պետ Կարինէ Յակոբեանը:

Նախորդ տարուան համեմատ՝ մթերման գիներու պարագային որոշ տեղաշարժեր կան՝ յօգուտ բանջարեղէն արտադրողի: Վերամշակողները այս տարի բանջարեղէնի համար աւելի բարձր գին կը վճարեն հող օգտագործողին:  

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին