«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ Կիրակի ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը հաստատ պիտի մնայ նախարարական ներկայացուցչութեան բաժնեմասի կապակցութեամբ յստակ առաջադրանքներուն վրայ, եւ միաժամանակ բոլոր կուսակցութիւններէն պահանջեց չվիճիլ «մէկ նախարար աւելի կամ մէկ նախարար պակաս» հարցին շուրջ:
Քեսրուանի Քֆար Զըպեան շրջանին մէջ, խօսելով 7 Օգոստոս 2001-ին ուսանողներու գլխաւորութեամբ բողոքի ցոյցերու ոգեկոչման նուիրուած միջոցառումին, որոնք բռնի ուժով կասեցուած էին անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, Պասիլ ըսաւ, որ ժողովուրդը հետաքրքրուած չէ իւրաքանչիւր կուսակցութեան միջեւ նախարարական ներկայացուցչութեան աննշան տարբերութեամբ: «Այն ինչ ժողովուրդը կ’ուզէ, ըսաւ ան,- կառավարութեան անձնուէր աշխատանքն է՝ ի շահ երկրին:
Ներկայիս, նախարարական դիրքերու համար մղուող պայքարը, մասնաւորաբար ԱԱՀ-ի եւ անոր մրցակից Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ կը համարուի կարեւորագոյն խնդիրը: