Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի  պասքեթպոլի տղոց խումբը բոլորեց  գերազանց տարեշրջան մը, առանց պարտութեան տիրանալով  Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Մարզասէրներու եւ համակիրներու  փափաքն է, ինչպէս միշտ, Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի  հսկաներուն մէջ տեսնել ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց խումբը: Արդարացի  փափաք, եթէ երբեք յեղաշրջուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ տիրող  ապառողջ մթնոլորտը եւ աշխատանքի թոյլատրելի պայմաններ ստեղծուին լիբանանեան  ակումբներուն առջեւ:

Անյուսալի այս կացութիւնը անորոշութեան մատնած  է ակումբները եւ անոնց հովանաւորները: ՀԵԸ-ի կեդրոնական  վարչութիւնը մանրամասնօրէն քննարկելէ ետք վստահութիւն չներշնչող այս  իրավիճակը եւ նկատի ունենալով կազմը Ա. դասակարգի մէջ պահելու պահանջուող   բարձր պիւտճէն, նպատակայարմար գտաւ իր միջոցները դնել ի սպաս երիտասարդական բոլոր  շարժումներուն (մշակութային, սկաուտական, համալսարանական, մարզական եւ այլն) շարունակելով պահպանել   լիբանանահայ համայնքին մէջ իր բարի աւանդութիւնները եւ ցնոր տնօրինութիւն գործել սոյն ռազմավարութեամբ:  

  Հետեւաբար,  ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութիւնը  որոշեց յառաջիկայ մարզական տարեշրջանին ՀԵԸ Անդրանիկ  Պէյրութի խումբը պահել Լիբանանի Բ. դասակարգին մէջ, զարգացնելով    ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի դպրոցը, պասքեթպոլի չորս մասնաճիւղերը (ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ,   ՀԵԸ Սին էլ Ֆիլ, ՀԵԸ Զահլէ), մասնակցելով աղջկանց եւ տղոց ութ տարբեր ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ  տարիքային բոլոր ախոյեանութիւններուն:

ՀԵԸ-Ի  ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ  ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին