Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեանի Այցը ՔՋԱԿ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՔՋԱԿ-ը (Քրիստոնէական ջանից ամառնային կեդրոն),  որ կը գտնուի Մոնթեվէրտէի գեղատեսիլ բարձրունքին վրայ,  որպէս Հայ աւետարանական Ջանից երիտասարդական շարժումի համագումարներու կեդրոն ծառայած է իր հիմնումէն (1949) մինչեւ այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ մեծ վնասներու ենթարկուած ՔՋԱԿ-ը այսօր հիմնովին բարեկարգուած է եւ սքանչելի ու հանգստաւէտ  պայմաններով հաւաքավայր դարձած է ե՛ւ մեծերուն, ե՛ւ փոքրերուն համար:

Հինգշաբթի, 2  Օգոստոսին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան այցելութիւն մը տուաւ ՔՋԱԿ, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով մանուկներ իրենց առաջնորդներուն եւ Հոլանտայէն հիւրաբար ժամանած  կամաւոր ծառայողներու հետ:

Նախարար Կիտանեան մեծապէս կարեւորեց ՔՋԱԿ-ի նման  արդիական կեդրոնի մը գոյութիւնը, շնորհաւորեց Հայ աւետ. առաջնորդներու ունեցած դերակատարութիւնը առողջ եւ քրիստոնեայ հայ սերունդներ դաստիարակելու նուիրական աշխատանքին մէջ: Ապա ան,  խանդավառուած մանուկներու համագումարի գործունէութեամբ, մաս կազմեց կարգ մը խաղերու՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մանուկներուն եւ առաջնորդներուն մօտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին