Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Քոսթա Ռիքայի Առափնեայ Պահպանութեան Ուժերը Երկու Թոն Թմրանիւթ Փոխադրող Նաւ Կալանած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Քոսթա Ռիքայի առափնեայ պահպանութեան ուժերը մօտաւորապէս երկու թոն թմրանիւթ փոխադրող նաւ կալանած են: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, գրած է «Nacion» թերթը: Գործողութիւնը հնարաւոր դարձած է այն տեղեկութեան շնորհիւ, զոր տրամադրած էին ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները:

Կասկածելի նաւը կալանուած է Խաղաղ ովկիանոսին վրայ (երկրի ափերէն շուրջ 150 քմ հեռաւորութեան վրայ): Սահմանապահները բռնագրաւած են երկու թոն թմրանիւթ, որ փաթեթաւորուած էր մէկական քիլոկրամով, եւ ձերբակալած են անձնակազմի անդամները, որոնք Քոլոմպիոյ քաղաքացիներ են: Կը նշուի, որ մաքսանենգները յատուկ նաւ օգտագործած են՝ շատ ցած թաղուածքով, որ զայն դժուար յայտնաբերելի կը դարձնէ տեղորոշիչ սարքերու համար, հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին