Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վարչապետը Կարեւորած Է Դպրոցներու՝ Երկրաշարժի Դէմ Կայունութեան Ապահովման Շինարարական Աշխատանքներու Որակեալ Իրականացումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են հանրակրթական դպրոցներու շէնքային պայմաններու վիճակը ու երկրաշարժի դէմ կայունութեան հետ կապուած առկայ խնդիրները: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:  «Պէտք է հասկանալ՝ որո՞նք են հնարաւոր լուծումները, ի՞նչպէս ենք տեսնում այդ լուծումների կիրառումը, ի՞նչ ժամկէտներում, ի՞նչ միջոցներով եւ գործիքներով»,- նշած է վարչապետը:

Պատասխանատուները զեկուցած են Հանրապետութեան մէջ երկրաշարժի դիմակայման հետ կապուած խնդիրներ ունեցող դպրոցներու մասին: Երկրաշարժի անվտանգութեան բարելաւման ծրագիրին համաձայն՝ ընտրուած են երկրաշարժի դէմ կայունութեան տեսանկիւնէն աւելի խոցելի 46 դպրոցներ, որոնց վերանորոգման ու վերակառուցման համար նախատեսուած է 107 մլն տոլար:

Այդ միջոցներուն մէկ մասը ներգրաւուած է Ասիական զարգացման դրամատունէն, իսկ միւս մասը պիտի յատկացնէ ՀՀ կառավարութիւնը: Արդէն իսկ սկսած են 8 դպրոցներու շինարարական աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտին են 2019 թուականին: Պատասխանատուները վստահեցուցած են, որ կարելի պիտի ըլլայ ունենալ երկրաշարժի դիմաց կայուն դպրոցներ՝ նախատեսուած 9 եւ աւելի բալ ուժգնութեամբ աղէտներու համար. ուսումնական հաստատութիւնները պիտի ունենան նաեւ ապաստարաններ:

Կը հաղորդուի, որ նշուած 46 դպրոցներու շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտին հասցնել մինչեւ 2023 թուականը: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է շինարարական աշխատանքներու որակեալ իրականացումը եւ նշած, որ դպրոցներու երկրաշարժի դիմաց կայունութեան ապահովման խնդիրի լիարժէք լուծման նպատակով անհրաժեշտ է համագործակցութեան ընդլայնման բանակցութիւններ վարել միջազգային գործընկերներու հետ: «Պէտք է ծրագրերն իրականացուեն յստակ վերահսկողութեան ներքոյ, պէտք է մեզ յայտնի շինարարական «աւանդոյթների» չկիրառումը յստակ պահպանուի, որովհետեւ դա շատ կարեւոր է արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար: Անհրաժեշտ է ապահովել, որ մրցոյթները լինեն 100 տոկոսով թափանցիկ»,- ընդգծած է վարչապետը:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին