«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 38 օտարերկրեայ քաղաքացիներ ձերբակալած է ԻՊ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապերու կասկածանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Օգոստոս 3-ին յայտնած է «Daily Sabah» թերթը:
Ձերբակալութիւնները կատարուած են Իսթամպուլի մէջ: Ոստիկանութիւնը քաղաքի վեց շրջաններու 12 վայրերու մէջ ստուգումներ կատարած է: Աւելի կանուխ, իրաւապահ մարմինները տեղեկութիւն ստացած էին, որ կասկածեալները գրոհ կը նախապատրաստեն: Ոստիկանութիւնը նաեւ ձերբակալուածներէն առգրաւած է փաստաթուղթեր եւ թուային նիւթեր, որոնք կը քարոզեն ԻՊ-ի գործունէութիւնը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: