«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Քոսթա Ռիքայի առափնեայ պահպանութեան ուժերը մօտաւորապէս երկու թոն թմրանիւթ փոխադրող նաւ կալանած են: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, գրած է «Nacion» թերթը: Գործողութիւնը հնարաւոր դարձած է այն տեղեկութեան շնորհիւ, զոր տրամադրած էին ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները:
Կասկածելի նաւը կալանուած է Խաղաղ ովկիանոսին վրայ (երկրի ափերէն շուրջ 150 քմ հեռաւորութեան վրայ): Սահմանապահները բռնագրաւած են երկու թոն թմրանիւթ, որ փաթեթաւորուած էր մէկական քիլոկրամով, եւ ձերբակալած են անձնակազմի անդամները, որոնք Քոլոմպիոյ քաղաքացիներ են: Կը նշուի, որ մաքսանենգները յատուկ նաւ օգտագործած են՝ շատ ցած թաղուածքով, որ զայն դժուար յայտնաբերելի կը դարձնէ տեղորոշիչ սարքերու համար, հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: