ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի պասքեթպոլի տղոց խումբը բոլորեց գերազանց տարեշրջան մը, առանց պարտութեան տիրանալով Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Մարզասէրներու եւ համակիրներու փափաքն է, ինչպէս միշտ, Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի հսկաներուն մէջ տեսնել ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց խումբը: Արդարացի փափաք, եթէ երբեք յեղաշրջուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ տիրող ապառողջ մթնոլորտը եւ աշխատանքի թոյլատրելի պայմաններ ստեղծուին լիբանանեան ակումբներուն առջեւ:
Անյուսալի այս կացութիւնը անորոշութեան մատնած է ակումբները եւ անոնց հովանաւորները: ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութիւնը մանրամասնօրէն քննարկելէ ետք վստահութիւն չներշնչող այս իրավիճակը եւ նկատի ունենալով կազմը Ա. դասակարգի մէջ պահելու պահանջուող բարձր պիւտճէն, նպատակայարմար գտաւ իր միջոցները դնել ի սպաս երիտասարդական բոլոր շարժումներուն (մշակութային, սկաուտական, համալսարանական, մարզական եւ այլն) շարունակելով պահպանել լիբանանահայ համայնքին մէջ իր բարի աւանդութիւնները եւ ցնոր տնօրինութիւն գործել սոյն ռազմավարութեամբ:
Հետեւաբար, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց յառաջիկայ մարզական տարեշրջանին ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի խումբը պահել Լիբանանի Բ. դասակարգին մէջ, զարգացնելով ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի դպրոցը, պասքեթպոլի չորս մասնաճիւղերը (ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ, ՀԵԸ Սին էլ Ֆիլ, ՀԵԸ Զահլէ), մասնակցելով աղջկանց եւ տղոց ութ տարբեր ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարիքային բոլոր ախոյեանութիւններուն:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ