«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՔՋԱԿ-ը (Քրիստոնէական ջանից ամառնային կեդրոն), որ կը գտնուի Մոնթեվէրտէի գեղատեսիլ բարձրունքին վրայ, որպէս Հայ աւետարանական Ջանից երիտասարդական շարժումի համագումարներու կեդրոն ծառայած է իր հիմնումէն (1949) մինչեւ այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ մեծ վնասներու ենթարկուած ՔՋԱԿ-ը այսօր հիմնովին բարեկարգուած է եւ սքանչելի ու հանգստաւէտ պայմաններով հաւաքավայր դարձած է ե՛ւ մեծերուն, ե՛ւ փոքրերուն համար:
Հինգշաբթի, 2 Օգոստոսին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան այցելութիւն մը տուաւ ՔՋԱԿ, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով մանուկներ իրենց առաջնորդներուն եւ Հոլանտայէն հիւրաբար ժամանած կամաւոր ծառայողներու հետ:
Նախարար Կիտանեան մեծապէս կարեւորեց ՔՋԱԿ-ի նման արդիական կեդրոնի մը գոյութիւնը, շնորհաւորեց Հայ աւետ. առաջնորդներու ունեցած դերակատարութիւնը առողջ եւ քրիստոնեայ հայ սերունդներ դաստիարակելու նուիրական աշխատանքին մէջ: Ապա ան, խանդավառուած մանուկներու համագումարի գործունէութեամբ, մաս կազմեց կարգ մը խաղերու՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մանուկներուն եւ առաջնորդներուն մօտ: