Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Ֆրանքոֆոնի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

Երեւանի մէջ կայանալիք գագաթաժողովին ընդառաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միկայէլ Ժանի հետ։

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան (OIF) եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր։ Ընդգծելով այդ յարաբերութիւններու բազմաթիւ առումներով առանձնայատուկ որակը՝ Ֆրանքոֆոնի գլխաւոր քարտուղարը եւ վարչապետը մանրամասն քննարկած են Հոկտեմբեր 11-12-ին Երեւանի մէջ կայնալիք պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։

ՀՀ վարչապետը ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարի հետ քննարկած է նաեւ վերջինիս՝ Սեպտեմբեր 10-13 Երեւան կատարելիք պաշտօնական այցի ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս տիկին Միկայէլ Ժանը պիտի մասնակցի ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու 11-րդ խորհրդաժողովին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին