Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ը Նոր Թափով Պիտի Սկսի Հասարակական-տնտեսական Ծրագիրներու Իրականացումը

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներու հետ՝ ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։

Հանդիպումին մասնակցած են նախարարի տեղակալներ Ալպերթ Բաբայեանն ու Աւագ Աւանեսեանը, այլ պաշտօնատար անձեր։ Քննարկման առանցքը եղած են նախարարութեան եւ համահայկական կառոյցի համագործակցութեան առնչուող հարցերը։

ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի նախագահ Վազգէն Եագուպեան տեղեկացուցած է, որ ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ ընդլայնել իր աշխատանքները, եւ իրենք նոր թափով պիտի սկսին հասարակական-տնտեսական ծրագիրներու իրականացումը, որ եւ այս հանդիպման նպատակն է` հասկնալու նախարարութեան հետ աշխատանքի առաջնահերթութիւնները, կամուրջ դառնալու Սփիւռքի եւ Հայաստանի գործարարներու համար։

Արծուիկ Մինասեան բարձր գնահատած է ՀԲԸՄ շարունակական եւ նպատակային աշխատանքը եւ ողջունած տնտեսական ոլորտի նկատմամբ կառոյցի փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւնը եւ հետաքրքրուածութիւնը։

Նախարարը ներկայացուցած է ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, անդրադարձած համագործակցութեան հնարաւոր հեռանկարներուն։ Խօսուած է, մասնաւորապէս, ոլորտային մասնագէտներու կարողութիւններու հզօրացման, մարդուժի ամբողջացման,  ներդրումներու խթանման եւ շարք մը այլ հարցերու մասին։

Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն եղած է՝ սեղմ ժամկէտներու մէջ համապատասխան տեղեկատւութեան փոխանակման, անհրաժեշտութեան պարագային՝ աշխատանքային խումբերու ստեղծման մասին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին