Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Իրաքի Հայ Համայնքը Կ՛աջակցի Սահմանամերձ Խաչիկ Գիւղին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սահմանապահ բնակավայրերի աջակցութիւն» ծրագիրին միջոցաւ, եւ Իրաքի Հանրապետութեան մէջ ապրող հայ համայնքի համագործակցութեան շնորհիւ, 29 Յուլիսին Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ջրազտիչ կայանին եւ խաղահրապարակին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գաթոյեան, վարչութեան գանձապահ Վարդան Վարդանեան, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Հայ մշակութային միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեան, Սիլվա Մանուկեան, Շաքէ Գալուստեան, Խաչիկ բնակավայրի ղեկավար Վարդան Ներսիսեան, սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լուսինէ Բասենցեան եւ գիւղի բնակիչներ:

Ըստ «Հայերն Այսօր»-ի՝ այս աշխատանքերուն մեկնարկը տրուած էր Մարտ 2018-ին:

Այնտեղ իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի կառուցում, 500 մեթր խմելու ջուրի խողովակի տեղաւորում, երեխաներու համար նախատեսուած ջրաւազանի կառուցում, խաղահրապարակի վերանորոգում, ինչպէս նաեւ 2500 պտղատու ծառերու տնկիներու տրամադրում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին