Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ազգային Ժողովի 38 Պատգամաւոր Անձնական Երաշխաւորութիւն Յայտնած Են Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանքը Փոխելու Համար

 Ազգային Ժողովի 38 պատգամաւոր անձնական երաշխաւորութիւն յայտնած են` Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը փոխելու համար: Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ այս մասին յայտնած է երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան` աւելցնելով, որ ցուցակը դեռ վերջնական չէ, ստորագրահաւաքը կը շարունակուի:

«Ստորագրահաւաքին մասնակցած են պատգամաւորներ տարբեր խմբակցութիւններէ: Հետագային ցուցակը կը հրապարակեմ, անիկա գաղտնի ցուցակ չէ, ուղղակի դեռ ընթացքի մէջ է ստորագրահաւաքը, ես կը կարծեմ, որ քանի մը անուն ալ կ’աւելնայ»,- ըսած է Սողոմոնեան` նշելով, որ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան եւ երկու փոխխօսնակները` Արփինէ Յովհաննիսեան ու Էդուարդ Շարմազանով եւս ստորագրած են ձեւաթուղթի տակ:

Այն հարցումին, թէ ներկայացուած է արդեօք Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման որոշման դէմ բողոքը վերաքննիչ դատարան, Վիքթոր Սողոմոնեան պատասխանած է, որ բողոքը դեռ չէ ներկայացուած, բայց պաշտպանները զայն պիտի ներկայացնեն Օգոստոս 1-ին:

2008 թուականի Մարտ 1-էն 2 Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ 2018-ի Յուլիս 26-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով, որ ան այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է երկամսեայ կալանաւորումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին