ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ազատագրուած Քաշաթաղի հիւսիսի գիւղերը ոչ միայն հրաշալի բնութիւն ունին եւ բազմաթիւ տեսարժան վայրեր, այլեւ էքոլոկիապէս մաքուր ըլլալով՝ անապակ եւ մաքուր մեղրի արտադրութեան բացառիկ հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն տեղի գիւղացիներուն: Անցնող տարիներուն մեղուապահութիւնն ու մեղրի արտադրութիւնը մեծ թափով աճած են այս շրջանին մէջ եւ Հայաստանի ու Արցախի տարբեր վայրերէն այստեղ եկած գիւղացիներուն համար մեղրի արտադրութիւնը եկամուտի կարեւոր աղբիւրներէն մէկն է:
Թուֆէնքեան հիմանդրամն ալ իր մասնակցութիւնը ունեցած է Քաշաթաղի մեղրի արտադրութեան զարգացման մէջ: Երկու տարի առաջ, մեղուապահներուն մատչելի եւ որակեալ մոմաթերթ տամադրելու նպատակով, հիմնադրամը Բերձորի մէջ բացաւ մոմաթերթի գործարան մը: Երկու շաբաթ առաջ ալ, Թուֆէնքեան հիմնադրամը նոր տեղափոխուած եւ վաղուց այստեղ ապրող գիւղացիներու նուիրեց մեղու եւ փեթակ, որպէսզի անոնք մեղրի արտադրութեամբ կարողանան յաւելեալ եկամուտ ապահովել: Յառաջիկայ օրերուն բազմաթիւ փեթակներ պիտի բաժնուին մեղրի արտադրութեամբ զբաղող ընտանիքներու:
Քաղաթաղի մեղրը իրապէս համեղ է եւ առողջարար: Յաջորդիւ, երբ Հայաստան այցելէք, անպայման համտեսեցէք Քաշաթաղի մեղր եւ մի քանի քիլօ վերցնելով ձեր հետ տարէք՝ նուիրելու եւ սեփական օգտագործման համար:
Այսպիսիով նախ քաջալերած կ’ըլլանք ազատագրուած տարածքները տքնաջան աշխատանքով ծաղկեցնող գիւղացիներու ընտանեկան պիզնէսը, երկրորդ՝ տունը կ’ունենանք առողջ եւ համով սնունդ, եւ երրորդ՝ հաւատացէք, ձեր հարազատներն ու հարեւանները, բարեկամներն ու ընկերները մեծապէս պիտի գնահատեն իրենց ստացած նուէրը՝ հայկական Քաշաթաղի անարատ մեղրը եւ հազար շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի…