Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Նոր Մարաղան Ունի Հանդիսութիւններու Տան եւ Մանկապարտէզի Կարիք

Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղայ համայնքը կազ չունի, նաեւ հանդիսութիւններու տան եւ մանկապարտէզի կարիք ունի:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է  Նոր Մարաղայի համայնքի ղեկավար Ռոմա Կարապետեանը:

Ամէն տարի Նոր Մարաղայի մէջ միջինը կը ծնի 10-11 երեխայ, իսկ մահացութիւններու  թիւը կը կազմէ 2-3 հոգի:

Համայնքին ղեկավարը նշած է, որ 2004 թուականին Թեհրանի Հայոց թեմի միջնորդութեամբ  տէր եւ տիկին  Վարուժան եւ Ալմա Յովհաննիսեաններու ֆինանսաւորմամբ Նոր Մարաղայի մէջ կառուցուած է դպրոց, որ նախատեսուած է 50 աշակերտի համար: Սակայն գիւղի բնակչութեան աճով, այժմ կարիք  կայ է դպրոցի շէնքը ընդլայնելու: Դպրոց այժմ կը յաճախէ 83 աշակերտ:  Նախադպրոցականներու թիւը 60  է: 2018-2019 նոր ուսումնական  տարեշրջանին առաջին  դասարան պիտի յաճախէ 8 աշակերտ:

Խօսելով գիւղի այլ խնդիրներու մասին՝ Կարապետեան ըսած է, որ առաջնահերթերէն է համայնքին մէջ ապրող բազմազաւակ ընտանիքները բնակարանով ապահովելը:

««Հայաստան» համահայկական  հիմնադրամի միջոցներով վերջին 6 տարիներու ընթացքին շուրջ 10 բնակարան կառուցուած է գիւղի բազմազաւակ ընտանիքներու համար: Ըսեմ, որ Օգոստոս 1-ին, Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, «Մեր տունը» ծրագրի ծիրէն ներս, մեր համայնքին մէջ եւս մէկ բազմազաւակ ընտանիք բնակարան ունեցաւ: Ներկայիս ունինք 3 բազմազաւակ  ընտանիքներ  եւս, որոնց բնակարանային հարցը դեռ չէ լուծուած : Յառաջիկային 8 ընտանիքներ կը սպասեն իրենց 5-րդ երեխաներուն. անոնց եւս  պիտի  հոգանք»,-աւելցուցած է համայնքի  ղեկավարը:

Ան աւելցուցած է, որ 2015-ին «Հայաստան»  համահայկական    հիմնադրամի    միջոցներով գիւղին մէջ կառուցուած է նաեւ համայնքային  կեդրոն, ինչպէս նաեւ 2016-ին գիւղին նուիրաբերուած է  շտապօգնութեան  մեքենայ: Համայնքային  կեդրոնին մէջ ներառուած է բուժկէտ եւ ակումբ:

 

Ռ.Կարապետեանի խօսքով` Նոր Մարաղայի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը զբաղուի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ եւ այգեգործութեամբ: Համայնքի  բնակիչները   մշակած են 250 հա ցորեն, 150 հա գարի  եւ 40 հա եգիպտացորեն. վերջինիս բերքահաւաքը շուտով կը սկսի: Նախորդ  տարուան համամեմատ այս տարուան  ցորենի եւ գարիի բերքատւութենէն համայնքի ղեկավարը այնքան ալ գոհ չէ`կապուած եղանակային պայամաններուն:

Գիւղը ունի 30 հա նուռի այգի, որ ըստ գիւղապետին յետագային պիտի աւելնայ եւս  50  հա-ով:

Խօսելով  անասնապահութեան մասին՝ համայնքի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ համայնքին մէջ կան 100 գլուխ  խոշոր եւ 250 գլուխ մանր եղջերաւոր  անասուներ,  մօտ 1000 թռչուն: Բնակչութիւնը խոզբուծութեամբ  գրեթէ չի զբաղիր, որովհետեւ անոնք կը վախնան խոզերու ափրիկեան ժանտախտ հիւանդութեամբ վարակուելէն:

Նոր Մարաղան ունի շուրջօրեայ  ջրամատակարարում: Միջհամայնքային ճանապարհներու վիճակը լաւ է:Նոր  մարաղեցիները  հնարաւորութիւն ունին օգտուելու  համացանցէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին