Ծիրանի արտահանումը, նախորդ տարուան համեմատ, երեկուան դրութեամբ աւելցած է 78 տոկոսով։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, Օգոստոս 2-ին, կառավարութեան յարկին տակ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան։
«Անցեալ տարին արտահանած ենք 28,884 թոն, իսկ այս տարի՝ երեկուան դրութեամբ՝ աւելի քան 50,000 թոն»,- նշած է նախարարը։
Ան աւելցուցած է, որ պտուղ–բանջարեղէններու մասով անցեալ տարի արտահանուած է մօտ 120,000 թոն, այս տարի՝ երեկուան դրութեամբ՝ արտահանուած է շուրջ 100,000 թոն, այսինքն՝ 70 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան համեմատ. «Ի դէպ՝ դեռ ունինք խաղող, աշնանային այլ միրգեր»,- ըսած է նախարարը։
Անդրադառնալով ռուսական շուկային մէջ հայկական մթերքներու խնդիրներուն մասին հարցին՝ Արթուր Խաչատրեան ըսած է,- «Այս պահուն ահազանգեր չունինք։ Լոլիկի հետ կապուած եղած է տարուան սկիզբը, այս պահուն լուծուած է»։