Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Իսրայէլը Դադրեցուցած Է Վառելիքի Ու Կազի Մատակարարումը Կազայի Հատուածին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման յայտարարած է, որ Օգոստոս 2-էն երկիրը կը դադրեցնէ վառելիքի ու կազի մատակարարումը Կազայի հատուածին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը:

Իր տարածած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ այդ քայլին ձեռնարկուած է հրկիզիչ նիւթերով օդապարիկներու օգնութեամբ Իսրայէլի տարածքին հրկիզումներ իրականացնելու շարունակուող փորձերու պատճառով, զորս կ’արձակուին Կազայի հատուածէն:

«Որոշումը ընդունուած է հրկիզիչ խառնուրդներով օդապարիկներու միջոցով շարունակուող ահաբեկչութեան եւ սահմանին տեղի ունեցող բախումներու կապակցութեամբ»,- յայտարարած է նախարարը:

Լրատուամիջոցներու մեկնաբանութիւններուն մէջ կը նշուի, որ ուժանիւթի մատակարարումներու դադրեցումը կրնայ լրջօրէն հարուածել Կազայի հատուածի բնակչութեան, որ արդէն վառելիքի պակաս ունի, այդ կարգին՝ կենսապահովման միջոցներու եւ հիւանդանոցներու աշխատանքի ապահովման համար, հաղորդած է «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին