Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղայ համայնքը կազ չունի, նաեւ հանդիսութիւններու տան եւ մանկապարտէզի կարիք ունի:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է Նոր Մարաղայի համայնքի ղեկավար Ռոմա Կարապետեանը:
Ամէն տարի Նոր Մարաղայի մէջ միջինը կը ծնի 10-11 երեխայ, իսկ մահացութիւններու թիւը կը կազմէ 2-3 հոգի:
Համայնքին ղեկավարը նշած է, որ 2004 թուականին Թեհրանի Հայոց թեմի միջնորդութեամբ տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Ալմա Յովհաննիսեաններու ֆինանսաւորմամբ Նոր Մարաղայի մէջ կառուցուած է դպրոց, որ նախատեսուած է 50 աշակերտի համար: Սակայն գիւղի բնակչութեան աճով, այժմ կարիք կայ է դպրոցի շէնքը ընդլայնելու: Դպրոց այժմ կը յաճախէ 83 աշակերտ: Նախադպրոցականներու թիւը 60 է: 2018-2019 նոր ուսումնական տարեշրջանին առաջին դասարան պիտի յաճախէ 8 աշակերտ:
Խօսելով գիւղի այլ խնդիրներու մասին՝ Կարապետեան ըսած է, որ առաջնահերթերէն է համայնքին մէջ ապրող բազմազաւակ ընտանիքները բնակարանով ապահովելը:
««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով վերջին 6 տարիներու ընթացքին շուրջ 10 բնակարան կառուցուած է գիւղի բազմազաւակ ընտանիքներու համար: Ըսեմ, որ Օգոստոս 1-ին, Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, «Մեր տունը» ծրագրի ծիրէն ներս, մեր համայնքին մէջ եւս մէկ բազմազաւակ ընտանիք բնակարան ունեցաւ: Ներկայիս ունինք 3 բազմազաւակ ընտանիքներ եւս, որոնց բնակարանային հարցը դեռ չէ լուծուած : Յառաջիկային 8 ընտանիքներ կը սպասեն իրենց 5-րդ երեխաներուն. անոնց եւս պիտի հոգանք»,-աւելցուցած է համայնքի ղեկավարը:
Ան աւելցուցած է, որ 2015-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով գիւղին մէջ կառուցուած է նաեւ համայնքային կեդրոն, ինչպէս նաեւ 2016-ին գիւղին նուիրաբերուած է շտապօգնութեան մեքենայ: Համայնքային կեդրոնին մէջ ներառուած է բուժկէտ եւ ակումբ:
Ռ.Կարապետեանի խօսքով` Նոր Մարաղայի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը զբաղուի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ եւ այգեգործութեամբ: Համայնքի բնակիչները մշակած են 250 հա ցորեն, 150 հա գարի եւ 40 հա եգիպտացորեն. վերջինիս բերքահաւաքը շուտով կը սկսի: Նախորդ տարուան համամեմատ այս տարուան ցորենի եւ գարիի բերքատւութենէն համայնքի ղեկավարը այնքան ալ գոհ չէ`կապուած եղանակային պայամաններուն:
Գիւղը ունի 30 հա նուռի այգի, որ ըստ գիւղապետին յետագային պիտի աւելնայ եւս 50 հա-ով:
Խօսելով անասնապահութեան մասին՝ համայնքի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ համայնքին մէջ կան 100 գլուխ խոշոր եւ 250 գլուխ մանր եղջերաւոր անասուներ, մօտ 1000 թռչուն: Բնակչութիւնը խոզբուծութեամբ գրեթէ չի զբաղիր, որովհետեւ անոնք կը վախնան խոզերու ափրիկեան ժանտախտ հիւանդութեամբ վարակուելէն:
Նոր Մարաղան ունի շուրջօրեայ ջրամատակարարում: Միջհամայնքային ճանապարհներու վիճակը լաւ է:Նոր մարաղեցիները հնարաւորութիւն ունին օգտուելու համացանցէն: