ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է պետական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետը ողջունած է Իտալիոյ նախագահի այցը Հայաստան եւ համոզում յայտնած, որ այդ մէկը կը նպաստէ հայ-իտալական յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման: «Ուրախ եմ Ձեզ ողջունել, ինչպէս հիմա ընդունուած է ասել, նոր Հայաստանում: Մենք այսօր իրականացնում ենք կարեւոր, պատմական ժողովրդավարական փոփոխութիւններ, յոյս ունեմ, որ Ձեր այցի ընթացքում զգացել էք այդ փոփոխութիւնների ու լաւատեսութեան շունչը: Բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իտալիայի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրել երկկողմ կապերի հետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Սերժիօ Մաթարելլան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւորած երկու երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնումը տարբեր ոլորտներու մէջ: «Մեր ժողովուրդները իրար կը կապուին ամուր բարեկամութեամբ, եւ մենք անհրաժեշտ կը համարենք Իտալիոյ եւ Հայաստանի գործընկերութեան ալ աւելի զարգացումը»,- ըսած է Իտալիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, որ հայ եւ իտալացի ժողովուրդները կը համարուին հնագոյն քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներ, ինչը կը հանդիսանայ երկկողմ կապերու խթանման լաւ հիմք:
Զրուցակիցները քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր, այդ կարգին՝ տնտեսութեան, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Կողմերը ընդգծած են յատկապէս պաշտպանութեան ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ համատեղ խաղաղապահ առաքելութեան ծիրէն ներս:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալիոյ այդ հարցին մէջ հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումով եւ պատրաստ է շարունակելու ջանքերը բանակցային գործընթացի մէջ:
Սերժիօ Մաթարելլան նշած է, որ այսուհետեւ Իտալիան եւս պիտի շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը ԼՂ հակամարտութեան հարցին մէջ, այդ կարգին՝ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ընթացքին: Իտալիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ իր երկիրը կը ներդնէ հնարաւոր ջանքերը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար: Ան ընդգծած է, որ ԼՂ հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում, եւ աւելցուցած է, որ անիկա միայն քաղաքական է:
Այս առումով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Սերժիօ Մաթարելլան կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդումն ու ԼՂ հակամարտութեան կողմերու միջեւ աշխոյժ երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Իտալիոյ նախագահը միտքեր փոխանակած են նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման շուրջ: Սերժիօ Մաթարելլան վստահեցուցած է, որ կը ներդնէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ հնարաւորինս շուտ վաւերացուի Հայաստանի ու Եւրամիութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
Հանդիպումէն ետք Նիկոլ Փաշինեան եւ Սերժիօ Մաթարելլան քննարկումները շարունակած են աշխատանքային ճաշի ընթացքին: