Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Պատուիրակութեան Այց Թէքէեան Կեդրոն

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ ներկայութեամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկ.Սեւակ Յակոբեանի, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր  Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայր. Վարդապետ Եղիայեան եւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր քննելու լիբանանահայ համայնքը յուզող հարցերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սփիւռքի հայ ժողովուրդի ընդհանուր վիճակին տնտեսական թէ բարոյական մարզերուն մէջ: Գերյարգելի Հայր Եղիայեան ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը եւ Թէքէեանի ընտանիքը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Օգոստոսին Զմմառու վանքի շրջափակին մէջ:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը համաձայնեցան աւելի եւս ամրապնդել կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այս կապը եւ շարունակել զայն ի փառս մեր ժողովուրդին:

            ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին