Պետական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին պարգեւատրած է Իտալիոյ Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւով՝ «Մեծ խաչի ասպետ» ժապաւէնակիր շքանշանով: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: