Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Բացառիկ Յաջողութիւն Արձանագրեց Թեքնիք Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Քննութիւններուն

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ վարժարանի BP (պրէօվէ) եւ BT (պաքալորէա) դասարաններու աշակերտները բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրեցին 2017-2018 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն:

BP դասարանի բոլոր 25 աշակերտները, եւ BT աւարտական դասարանի 44 աշակերտներէն 43-ը յաջողեցան. առաջինին պարագային յաջողութիւնը եղաւ կատարեալ 100 առ հարիւր, երկրորդին պարագային համեմատութիւնը կազմեց 97.73 առ հարիւր: Աւելին, Մեսրոպեանի աշակերտները իրենց նիշերով դասուեցան յաջողութեան բարձր կարգերուն մէջ:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի աշակերտները  քննութիւններուն մասնակցեցան երեք տարբեր մասնագիտութիւններով` Համակարգչային գիտութիւն ու Հաշուապահութեան , Հիւրանոցային Կառավարում եւ  Մանկավարժութիւն:

Տնօրէնութիւնս կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար:

Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին