Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Նամակ՝ Արմէն Յարութիւնեանին

*ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ*

Սիրելի Արմէն Յարութիւնեան,

Տարին անցաւ եւ տակաւին չ’ամբողջացուցիր կիսատ մնացած նամակդ։  Մեր ամէն տեսակցութեան խոստացար վերջացնել այդ նամակը եւ սկսիլ նորին։  «Հէ՜յ, վա՜խ, այնքան կուտակուած նորութիւններ կան»,- կ’ըսէիր։

Օր մը երբ քեզի յիշեցուցի Այնթապի յուշամատեաններուն պարագան‚ թէ ցարդ հրատարակուած էին 3 հաստափոր հատորներ եւ առաւել հատորիկ մը‚ դուն ալ իբրեւ հարազատ Այնթապցի յիշեցուցիր թէ հրատարակուած 3 հատոր նամակ ունէիր‚ առաւել հայատառ մամուլի մէջ հրատարակուած եւ կէս հատոր կազմող մօտ 50 նամակ եւ տակաւին հազարաւոր գրուելիք նամակներ։  Ունէիր իւրայատուկ երգիծաոճ‚ որ կ’արտացոլար խօսակցութիւններուդ եւ նամակներուդ մէջ։

Չգրուեցան այդ նամակները եւ պիտի չգրուին ալ։  Ոչ մէկը պիտի կարենայ քեզի նման քաջութեամբ‚ անխախտ ուղղամտութեամբ եւ անաչառութեամբ իրականութիւնները բացայայտող նամակներ գրել։

Ասպարէզով արդիւնաբերող‚ զգացումով եկեղեցասէր հաւատացեալ‚ պատկանելիութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի անդամ երիտասարդ տարիքէդ եւ ապա երկարամեայ ղեկավար‚ ապրումով հայ գիրի ու գրականութեան սիրահար եւ գործնապաշտօրէն ալ հայ դպրոցին‚ ուսուցիչին ու ուսանողին թիկունքն էիր։  ՀՈՊԻդ գիրքի ու մամուլի անօրինակ սիրահարութիւնդ էր։  Ժամերով եւ անյագօրէն կ՛ընթերցէիր եւ ընթերցողներուդ ալ բաժին կը հանէիր իսթանպուլահայ թէ փարիզահայ թէ երեւանեան թերթերէ կատարած արտատպումներով։

Սիրեցիր Հայ եկեղեցին‚ հայ դպրոցը‚ հայ խմբագրատունը‚ հայ մշակութային կեդրոնները։  Ունէիր բազմաթիւ անուանի ու վաստակաւոր գրող‚ մտաւորական‚ դաստիարակ ԻՐԱՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ‚ ինչպէս նաեւ (քու բառերովդ) ՈԽԵՐԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ։  Գիտէիր իրաւ բարեկամութեան արժէքն ու արժեչափերը եւ նաեւ անկեղծ յարաբերութիւններու‚ վերաբերմունքներու տարողութիւնը. եւ յաճախ ալ ժպիտով մը կ’ունենայիր քեզի յատուկ ՆՕ ԱԼՏԸՐՄԷՅՇԸՆ արտայայտութիւնը։

Աշխարհը փոխուեցաւ եւ կը փոխուի‚ շրջապատդ փոխուեցաւ‚ բարեկամներդ փոխուեցան‚ եւ սակայն դուն չփոխուեցար։  Մերժեցիր փոխուիլ։  Մնացիր նոյն պարզ‚ հարազատ‚ սկզբունքներուն հաւատարիմ ինքնատիպ անձնաւորութիւնը։

Ճակատիդ քրտինքէն առատօրէն բաժին հանեցիր‚ քու ընկալած սկզբունքներուդ ուղղութեամբ։  Անշեղ սկզբունքով կը հաւատայիր մարդակերտումի գաղափարին։  Տարիներով յաւելեալ ամսական յատկացուցիր հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու։  Թոշակ կապեցիր համալսարանական անհամար ուսանողներու։  Գրական հրատարակութիւններու մատենաշար մը հաստատեցիր քու եւ սիրելի տիկնոջդ անունով։ Այսօր այդ մատենաշարէն հրատարակուած են արժէքաւոր 60 հատորներ։  Անմիջական օգնութիւնդ չզլացար բազմաթիւ յայտնի եւ անյայտ կարիքաւորներու։  Եւ այս բոլորը կատարեցիր հակառակ ունեցած յուսախաբութիւններուդ‚ պատասխանատու անձերու անտարբերութեան ի տես։

Չէիր կրնար հանդուրժել սրբութիւնները սրբապղծողներուն։  Չէիր կրնար ընդունիլ հայ դպրոց փակողներու որոշումները որքան որ ալ արդարանալի պատճառներ տրուէին‚ չէիր կրնար ընդունիլ հայ լեզուի ուսուցիչներու թիւի նօսրացումը‚ չէիր կրնար ընդունիլ Հայ եկեղեցւոյ մէջ կամ շուրջ ստեղծուած տագնապը‚ չէիր կրնար ընդունիլ արեւմտահայերէնի աղաւաղումը եւ չէիր ընդունիր հայ տպագիր մամուլի անշքացումը։

Հիմայ կ’երթաս հոն‚ ուրկէ եթէ նոյնիսկ գրելու կարելիութիւնը ունենաս‚ նամակներդ պիտի չհասնին մեզի։  Եւ միով բանիւ‚ մեր անբարունակ կացութիւնը պիտի շարունակուի‚ մեր տագնապները աւելի եւս պիտի սրին։  Քու բացակայութիւնդ անխուսափելիօրէն պիտի զգացուի։

Ափսոս‚ «ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ»-ը դադրեցան. դադրեցաւ նաեւ ազնիւ ու մաքուր խիղճ ունեցող սիրտին տրոփիւնը։

Յիշատակդ ու ժպիտդ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին յիշողութեան մէջ։

Շատ պիտի կարօտնանք քեզի։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին